ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ԳՐԳՌՈՂ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ ՄԸ՝
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ ԳՐՔՈՎ
1 «Միայն քեզի աղէկ նայէ . . . որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ չելլեն. այլ անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես»։ (Բ. Օր. 4։9) Այս խօսքերով Եհովա կը պատրաստէր իր ժողովուրդը Խոստացեալ Երկիրը մտնելու։ Այո, կարեւոր էր ոչ թէ միայն չափահասները ‘չմոռնային’ ինչ որ Եհովա ըրաւ, այլ նաեւ՝ որդիներուն եւ թոռներուն սորվեցնէին։ Պարագան այսօր տարբե՞ր է մինչ աւելի մեծ Խոստացեալ Երկրի մը՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին՝ սեմին կը կենանք։
2 Ի՜նչ սքանչելի գործիք մը Եհովա հայթայթած է օգնելու որ ‘մեզի աղէկ նայինք’ եւ գործածենք զայն մեր ‘որդիներուն եւ թոռներուն’ սորվեցնելու։ Կը խօսինք Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին մասին, որ այժմ շատ մը լեզուներով թարգմանուած է։ Եհովայի անցեալին ըրած բաներուն պատմութիւնները մեր զաւակներուն սրտէն պէտք չէ ելլեն իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։
3 Շատեր ըսած են թէ այս գիրքը մեր ունեցած գիրքերէն ամենադիւրինն է ներկայացնելու համար։ Թերեւս ասոր համար անոր հրատարակուելէն ետք միայն առաջին երկու տարիներուն ընթացքին աւելի քան 13 միլիոն օրինակ տեղաւորուած է։ Բացայայտօրէն, շատեր որոնք Եհովայի Վկաներ չեն իրենց որդիներուն եւ թոռներուն հոգեւոր օգնութիւն տալով հետաքրքրուած են։
4 Կրնանք անոնց օգնել իրենց ներկայացնելով Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը վերայցելութեան ատեն Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Ի՞նչ է լաւագոյն կերպը զանիկա ներկայացնելու։ Ճիշդ է որ կը տեղաւորենք ուշագրաւ գիրք մը չնչին նուիրատուութեամբ, բայց չենք ուզեր այդ ընել մեր ներկայացումին գլխաւոր երեսակը, այդպէս չէ՞։ Կ’ուզենք գրքին հոգեւոր օգուտները ցցուն ընել։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք կատարել։
5 Կարելի է որ մեր խօսակցութիւնը սկսինք հետեւեալ կերպով. «Բարեւ, մենք կրկին կ’այցելենք մարդոց օգնելու որ հասկնան թէ ինչու Աստուածաշունչը գրուեցաւ։ Արդեօք օրին մէկը ասոր մասին հարց տուա՞ծ էք։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ոմանք չեն գիտեր թէ պատճառներէն մէկն է ազդարարութիւն տալու համար։ Այս գաղափարը արտայայտուած է հոս՝ Ա. Կորնթացիս 10։11–ի մէջ։ [Կարդացէք։] Աստուծոյ ազդարարութիւնները սարսափի մատնելու համար չեն, այլ՝ մարդոց մղելու որ փրկութիւն փնտռեն, երկրորդ պատճառ մը թէ ինչու Աստուածաշունչը գրուեցաւ։ Բ. Տիմոթէոս 3։15–ը մեզի կ’օգնէ գնահատելու թէ պատանիներն ու չափահասները Սուրբ Գրութիւններուն կարիքը ունին փրկութեան համար։ [Կարդացէք։] Թոյլ տուէք որ ցոյց տամ օրինակ մը ուրախ փրկութեան մասին, ինչպէս որ նախագուշակեց Եսայի մարգարէն՝ Աստուածաշունչի գրող մը, նկատի առնելով պատմութիւններէն մէկը այս Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գրքին մէջ»։ 71–րդ Պատմութիւնը բացէք եւ առաջին ու վերջին պարբերութիւնները կարդացէք։ Գիրքը ներկայացուցէք։
6 Թերեւս հանդիպիք անհատներու որոնք Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը արդէն ունին։ Այն ատեն ի՞նչ ընել։ Ինչո՞ւ չառաջարկէք ուսումնասիրել զայն անոնց հետ եւ ընտանիքին հետ։ Նաեւ կարելիութիւն կայ որ վերայցելութեան ատեն տեղաւորէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան յարմար ուրիշ օգնականներ։
7 Թող որ բոլորս ալ ուրիշներու օգնենք Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին որ գիտնան ինչու Աստուածաշունչը գրուեցաւ, ներկայացնելով Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ գիրքը նուիրատուութեամբ։