ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Մայիսին՝ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը ինչպէս նաեւ որեւէ գրքոյկ (ի բացառեալ Դպրոց գրքոյկէն)։ Յունիսին՝ Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է։ Յուլիսին՝ հետեւեալ որեւէ գրքոյկ կարելի է գործածել. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, կամ Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք։ Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ ՆՈԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Ընկերութիւնը այժմ մատչելի կը դարձնէ Դիտարանի կազմուած հատորներ Անգլերէն լեզուով 1986–էն 1991 տարիներուն համար։ Անոնք որոնք կը փափաքին զանոնք ստանալ, պէտք է ժողովքին միջոցաւ իրենց խնդրանքը ներկայացնեն։ Այսուհետեւ, 1992–ի հատորէն սկսեալ, Անգլերէն լեզուով Դիտարանի որեւէ կազմուած հատոր որեւէ ատեն կարելի է խնդրել։
◼ Այժմ մատչելի են Անգլերէն լեզուով Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը—Ակնարկութիւններով եւ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, գործածելով 5 1/4-inch 1.2-megabyte կամ 3 1/2-inch 1.44-megabyte diskettes։
◼ Ընկերութիւնը ներկայիս կ’աշխատի CD-ROM զարգացնել, որպէսզի գործածուի համակարգիչներու հետ։ Անիկա թոյլ պիտի տայ որ հետազօտենք ու համակարգիչին պաստառին վրայ տեսնենք որեւէ մէջբերում 1950–1993 Դիտարաններէն, ինչպէս նաեւ Նոր Աշխարհի Թարգմանութենէն, Խորաթափանց Ակնարկ հատորներէն եւ շատ մը ուրիշ մեր գրականութիւններէն։ Այս CD-ROM–ը մատչելի պիտի ըլլայ գալ տարուան սկիզբը։
◼ Անոնք որոնք կը փափաքին կրնան իրենց ժողովքներուն միջոցաւ խնդրել 1989–1992 տարիներու Դիտարանի կազմուած հատորներ Արաբերէն լեզուով եւ 1990–1992 տարիներու Զարթի՛րի կազմուած հատորներ Արաբերէն լեզուով։