ՓՈՒԹԱՋԱՆՕՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՆՏՌԵՑԷՔ
1 Երթալով աւելցող փաստ կայ թէ ժամանակը վերջանալու վրայ է այս հին աշխարհին համար։ (Բ. Տիմ. 3։1–5) Անիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Անիկա կը նշանակէ թէ մարդոց կեանքը վտանգի տակ է։ Սակայն, մեր կարողութեան սահմանին մէջ է ոմանց օգնել որ վերապրին։ (Առ. 3։27) Այս նպատակին համար պէտք է փութաջանօրէն ճիգ թափենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու եւ վարելու։
2 Շատ բարիք իրագործուած է բաշխելով Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր գրականութիւնները։ Բայց մարդիկ աւելի պէտք ունին անձնական օգնութեան որ կանոնաւորաբար վարուած տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ կը տրուի։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել որ գնահատեն այս կէտը։
3 Կրնանք շատ մը մարդոց հետաքրքրող հարցումներ յարուցանել։ Այսպիսի հարցումներ կրնան ուշադրութիւն դարձնել թէ ինչո՛ւ բարոյականութիւնը մեծ անկում մը կրած է, ինչո՛ւ ընտանեկան կեանքը այսքան անկայուն է, ինչո՛ւ բռնութիւնը եւ ոճիրը այսպիսի սպառնալիք մըն են, ինչո՛ւ սիրալիր Աստուած մը կը թոյլատրէ ներկայ վիճակները, եւայլն։ Արթուն եղէք այն հարցերուն եւ դէպքերուն նկատմամբ որոնք յատկապէս հետաքրքրական են ձեր թաղամասին մէջ եղող մարդոց։ Մատնանշեցէք Աստուածաշունչի յստակ պատասխանները այս հարցումներուն։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս մեր բաշխած գրականութիւնները կրնան իրենց օգնել որ գիտնան ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ մեր բոլորին ազդող այս եւ ուրիշ կենսական հարցերու մասին։
4 Կարեւոր է տանուտէրը միջամուխ ընել խօսակցութեան։ Արթուն եղէք զատորոշելու ինչ որ զինք կը հետաքրքրէ։ Ձեր խօսակցութիւնը զարգացուցէք անոր հետաքրքրութիւններուն կամ մտահոգութիւններուն շուրջ։ Ուշադրութեան յանձնեցէք մարդկութեան խնդիրներուն Աստուածաշունչի լուծումը բացատրող տեղեկութիւնները գրքի մը, գրքոյկի մը, պարբերաթերթի մը կամ թերթիկի մը մէջ։ Ձգելէ առաջ, մէկ կամ երկու հարցումներ յարուցանեցէք որոնք կը խորհիք թէ անոր ակնկալութիւնը պիտի գրգռեն ձեր յաջորդ այցելութեան հանդէպ։ Երբ վերադառնաք, վստահ եղէք անոր յիշեցնելու այս հարցումները եւ ետքը գրականութիւնը գործածեցէք անոր օգնելու որ Աստուածաշունչի պատասխանները գտնէ։
5 Ուսումնասիրութիւններ սկսիլը եւ կանոնաւորաբար զանոնք վարելը կրնան մարդոց կեանքը փոխել։ Կարիքը ունինք հարազատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու անոնց մտահոգութիւններուն հանդէպ որոնց կը հանդիպինք դաշտին մէջ կամ անպաշտօն առիթներով։ Լաւ նախապատրաստութիւն կը պահանջուի որպէսզի անոնց հետաքրքրութիւնը հետզհետէ խթանենք։ Համբերութիւն կը պահանջուի որպէսզի շարունակէք վերայցելել մինչեւ որ սկսին կանոնաւոր կերպով հոգեւորապէս սնուցանուիլ։ Սիրալիր հետաքրքրութիւն կը պահանջուի մարդոց հանդէպ։ Պէտք է անկեղծօրէն ուզենք անոնց օգնել որ վերապրին վերահաս կործանումէն։ Մեր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործը պէտք է կանոնաւոր ու ջերմեռանդ աղօթքի նիւթ ընենք։—Ա. Թես. 5։17
6 Մեծապէս քաջալերական է տեսնել թէ գրեթէ մէկ միլիոն հոգի մկրտուած աշակերտներ եղան անցեալ երեք տարիներուն ընթացքին։ (Մատթ. 28։19, 20) Այժմ կը վարենք շուրջ չորս ու կէս միլիոն Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ ամէն ամիս եւ ասիկա ցոյց կու տայ մեր հետաքրքրութիւնը մարդոց կեանքին նկատմամբ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Արդեօք կը ջանա՞ք բաժին բերել տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան գործին մէջ։ Յիշեցէք, մեր կեանքը եւ ուրիշներու կեանքը կախեալ են մեր հաւատարմութենէն ասոր առնչութեամբ։—Եզեկ. 3։17–19