ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Հոկտեմբերին. Մարդկութիւնը Որ Աստուած կը Փնտռէ կամ Զարթի՛րի եւ Դիտարանի օրինակներ։ Բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններու ընթացքին։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Հաճեցէք խնդրել պէտք եղած յաւելեալ պարբերաթերթերը Հոկտեմբերին տեղաւորելու համար։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 1994-ի Օրացոյցը, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։
◼ Իւրաքանչիւր ժողովք պիտի ստանայ Literature Inventory (S-18) «ֆօրմ»էն երեք օրինակներ։ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է հանդիպում մը ունենայ գրականութիւններու ծառային հետ Օգոստոսին սկիզբը եւ որոշէ թուական մը ժողովքի գրականութիւններուն առնչութեամբ հաշուառում կատարելու համար ամսուան վերջաւորութեան։ Բոլոր գրականութիւններուն իսկական համրանքը պէտք է առնուի եւ համագումարը պէտք է արձանագրուի Literature Inventory «ֆօրմ»ին վրայ։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել պարբերաթերթերու ծառայէն։ Հաճեցէք բուն օրինակը Ընկերութեան ղրկել ոչ աւելի ուշ քան Սեպտեմբեր 6։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը կարելի է գործածել որպէս սեւագիր։ Քարտուղարը պէտք է հսկէ հաշուառում կատարելը եւ վերակացու տեսուչը պէտք է ստուգէ ու ստորագրէ ամբողջացած «ֆօրմ»ը։
◼ Բաւարար քանակով «ֆօրմ»եր պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 1994–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Այս «ֆօրմ»երը պէտք չէ վատնել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։
◼ Ամէն ոք որ ժողովքի մը հետ կ’ընկերակցի պէտք է ղրկէ Դիտարանի եւ Զարթի՛րի նոր ու նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իր անձնական բաժանորդագրութիւնը, ժողովքին միջոցաւ։
◼ Ընկերութիւնը չ’ապահովեր գրականութիւններու այն խնդրանքները զորս հրատարակիչները անհատապէս կ’ընեն։ Անոնք որոնք կ’ուզեն որոշ գրականութիւն մը կրնան գրականութիւններու ծառային իմացնել, որ անմիջապէս պիտի պարփակէ զայն ժողովքի գրականութիւններու ամսական խնդրանքին մէջ։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ ժողովքի գրականութիւններու ամսական խնդրանքը Ընկերութեան ղրկելէ առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն անձնական գրականութիւններ ստանալ կարենան գրականութիւններուն հոգ տանող եղբօր իմացնել։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը ծրագրեն սկսիլ կանոնաւոր ռահվիրայութեան ծառայութիւնը Սեպտեմբեր 1, 1993–ին, պէտք է առանց ուշացումի դիմումնագիր ներկայացնեն։ Դիմումնագիրները պէտք է Ընկերութեան ղրկուին Օգոստոս ամսուան վերջաւորութենէն առաջ։ Հաճեցէք վերաքաղ ընել Օգոստոս 1986 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկի յաւելուած նիւթին 21–6 պարբերութիւնները։
◼ Ժողովքի քարտուղարը պիտի համադրէ ծառայութեան տեղեկագիրները արձանագրելու համար Congregation Analysis Report (S-10) «ֆօրմ»ին վրայ։ Ան նաեւ ուշադրութեամբ պիտի հրահանգէ ոեւէ երէց կամ օգնական ծառայ որ կ’օգնէ տեղեկագիրը պատրաստելու։ Ասիկա պիտի ապահովէ ճշգրիտ ցուցակագրութիւն մը պէտք եղած տեղեկութիւններուն Congregation’s Publisher Record (S-21) քարտերէն։ Congregation Analysis Report (S-10) «ֆօրմ»ը պէտք է ճշգրիտ ու կոկիկ կերպով լեցուի եւ ուշադրութեամբ ստուգուի ծառայութեան յանձնախումբին կողմէ։