Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն որոնք տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով, այն շաբաթներուն ընթացքին որոնք սկսան Յունուար 3–էն մինչեւ Ապրիլ 18, 1994։ Անջատ թուղթի մը վրայ հարցումներուն պատասխանեցէք որքան որ կրնաք յատկացուած ժամանակամիջոցին։
[ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարանի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցող անհատները երբեք աղէտի չեն հանդիպիր։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 12/1/92 էջ 4։]
2. Ըստ Նէեմիա 10։34–ին, Օրէնքին մէջ փայտէ ընծաներ կը պահանջուէին։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 6/1/86 էջ 30։]
3. Հրեշտակները խոնարհաբար կը գնահատեն որ իրենցմէ աւելի բարձր դիրք պիտի ստանան մեղաւոր մարդիկ, որոնք կեանքին մէջ այնպիսի պարագաներ կը յաղթահարեն որոնք զիրենք կը պատրաստեն ծառայելու համար որպէս կարեկից երկնաւոր թագաւորներ ու քահանաներ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 85]
4. Քրիստոսէն աւելի քան 1,500 տարի առաջ, Յոբ կը յուսար յարութիւն մը։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Յոբ 14։13 եւ Դիտ. 7/1/93 էջ 29։]
5. Փարիսեցիներն ու դպիրները գործածեցին ամհա՛արեդս՝ «գետնի ժողովուրդը»՝ Եբրայերէն արտայայտութիւնը, ակնարկելու համար հասարակ ժողովուրդին, զոր նկատեցին որպէս աղտեղութիւն։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 85]
6. Եսթերայ 1։10-12–ի արձանագրութիւնը կրնայ զատորոշող անհատի մը օգնել որ գնահատէ թէ ենթարկուող եւ հնազանդ ըլլալը աւելի մեծ արժէք ունի քան գեղեցիկ ըլլալը։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/15/79 էջ 14 (11/79 էջ 21, Արաբ.)։]
7. Աստուածպաշտութիւնը կը յայտնաբերուի սիրալիր կերպով կառչելով Եհովայի, որ յառաջ կու գայ իրեն եւ իր ճամբաներուն հանդէպ խոր երախտագիտութենէ մը։ [Պաշտամունք էջ 19 § 15]
8. Ղուկաս 16։19-31–ի Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը հարուստ մարդուն ու Ղազարոսին մասին, իրական կեանքէն առնուած պատմութիւն մըն է։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 88]
9. Երբ Յիսուս «անիրաւ մամոնայ»ին ակնարկեց Ղուկաս 16։9–ին մէջ, ան կը խօսէր ապօրէն կերպով մը ձեռք ձգուած հարստութեան մասին։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 87]
10. Ղուկաս 17։34, 35–ին մէջ, ‘առնուիլ’ը կործանում կը նշանակէ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 93]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. «Յաւիտենական բնակարաններ»ը ի՞նչ են։ (Ղուկաս 16։9) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 87]
12. Ճշմարիտ երկրպագուները ինչպէ՞ս կրնան բաղդատուիլ «անպիտան ծառաներ»ուն հետ։ (Ղուկաս 17։10) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 89]
13. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ որ իր հետեւորդները պէտք է ‘ատեն’ իրենց ազգականները։ (Ղուկաս 14։26) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 84]
14. Յովհաննու 11։26–ի Յիսուսի խօսքերը ե՞րբ եւ որո՞նց նկատմամբ բառացիօրէն ճշմարիտ պիտի ըլլան։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 90]
15. Ղազարոսին յարութիւն տալը ինչո՞ւ յատկապէս զօրաւոր հարուած մըն էր Սադուկեցիներուն։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 91]
16. Ինչպէ՞ս հասկնալու ենք Յիսուսի պատասխանը Փարիսեցիներուն, երբ ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր միջեւ է»։ (Ղուկաս 17։21, ՆԱ) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 93]
17. Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին Փարիսեցիներուն ո՞ր կեցուածքէն, ինչպէս որ յայտնուած է Ղուկաս 18։11, 12–ին մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 94]
18. Թէեւ Յիսուս կատարեալ մարդ մըն էր որ երբեք մեղք չէր գործած, ինչո՞ւ առարկեց երբ հարուստ երիտասարդը զինք «բարի» կոչեց։ (Մարկոս 10։17, 18) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 96]
19. Ի՞նչ երկու գլխաւոր ազդակներ կը նպաստեն ճշմարիտ Քրիստոնէական միութեան։ [Պաշտամունք էջ 8 § 8]
20. Եթէ անհատ մը ըսէ որ ինք Երրորդութեան կը հաւատայ, ինչո՞ւ իմաստութիւն է զինք հրաւիրել որ իր անձնական գաղափարը յայտնէ, Երրորդութիւնը հերքելէ առաջ։ [Պաշտամունք էջ 16 § 10]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
21. Աստուծոյ նպատակն է որ իր Որդին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ բոլորին ի նպաստ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 91]
22. Եսթերի օրուան Հրեաներուն նման, Եհովայի Վկաները պատշաճօրէն ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ կոչ կ’ընեն, իրենց թշնամիներուն դէմ պաշտպանուելու համար։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 7/1/86 էջ 31։]
23. Թէեւ շուրջ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ «գրագիրներ» գործածուեցան Աստուածաշունչը գրելու համար, սակայն անոր Հեղինակը ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ է։ [Պաշտամունք էջ 20 § 2]
24. Անկախութեան հոգին ծագում առած է ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐։ [Պաշտամունք էջ 10 § 10]
25. Նէեմիա իր գիրքը կ’եզրափակէ հետեւեալ պարզ ու խոնարհ խնդրանքով. «‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐»։ [Շաբաթական ընթերցումը]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Յիսուսի աշակերտները երկրի աղն են այն իմաստով որ անոնք (պէտք է հալածանքին տոկան. քաղցրութեամբ կը խօսին. մարդոց վրայ պահպանիչ ազդեցութիւն մը ունին)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 84]
27. Յովհաննու 1։1–ը կ’ակնարկէ (մէկ. երկու. երեք) անձի/անձերու։ [Պաշտամունք էջ 16 § 11 (3)]
28. Ըստ Սաղմոս 9։10–ին, Աստուծոյ անունը գիտնալը կը նշանակէ (պարզապէս Եհովա անունը գիտնալ. անոր նպատակներուն մասին որոշ գիտութիւն մը ունենալ. անոր հեղինակութիւնը յարգել եւ անոր պատուէրներուն հնազանդիլ)։ [Պաշտամունք էջ 18 § 14]
29. Ղազարոս, Մարթա եւ Մարիամ կը բնակէին (Երուսաղէմի. Բեթլէհէմի. Բեթանիայի) մէջ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 89]
30. Ծննդոց 1։1 եւ 1։26–ին մէջ, «Աստուած» թարգմանուած Եբրայերէն բառն է (Ատոնայ. Էլօհիմ. Շատտայի)։ [Պաշտամունք էջ 17 § 11 (4)]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
ՆԷԵՄԻԱ 13։23-27. ԵՍԹԵՐԱՅ 1։17-20. ՅՈԲ 14։14, 15. 26։7. ԱՌԱԿԱՑ 3։5, 6
31. Տեսանելի ոչ մէկ յենարան կայ որ երկրագունդը իր տեղը կը պահէ։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 8/1/92 էջ 4։]
32. Ճշմարիտ Աստուծոյ երկրպագուն որ կողակից մը կը փնտռէ, պէտք է ամուսնանայ միայն հաւատակիցի մը հետ որ Եհովայի հետ նուիրուած յարաբերութիւն ունի։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 7/1/89 էջ 14։]
33. Եհովա խորապէս կը փափաքի մեռելներուն յարութիւն տալ։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 5/1/90 էջ 7, Անգլերէնով։]
34. Մեր ամբողջ կեանքի ընթացքը պէտք է ապացուցանէ թէ մեր մտածումները եւ մղումները Աստուծմէ ազդուած են։ [Պաշտամունք էջ 10 § 11]
35. Պատշաճ հեղինակութեան հանդէպ անպատկառութիւն ցուցաբերելը կրնայ գէշ ազդեցութիւն ունենալ ուրիշներու վրայ։ [Շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 3/15/79 էջ 14 (11/79 էջ 20, Արաբ.)։]