Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Օգոստոսին. Հետեւեալ գրքոյկներէն որեւէ մէկը կարելի է գործածել. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք եւ Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը։ Սեպտեմբերին. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Բաժանորդագրութիւններ կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններուն ընթացքին։ Նոյեմբերին. Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի Թուղթին (S–14) միջոցաւ։ Հաճեցէք յաւելեալ պարբերաթերթեր խնդրել, Հոկտեմբերին բաշխելու համար։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին Եհովայի Վկաներու 1995-ի Օրացոյցը խնդրել, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։
◼ Բաւարար քանակով «ֆօրմ»եր պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 1995–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Այս «ֆօրմ»երը պէտք չէ վատնել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։
◼ Ամէն անհատ որ ժողովքի մը հետ կ’ընկերակցի, պէտք է ժողովքին միջոցաւ ղրկէ Դիտարանի եւ Զարթի՛րի նոր ու նորոգուած բոլոր բաժանորդագրութիւնները, մէջը ըլլալով իր անձնական բաժանորդագրութիւնը։
◼ Ընկերութիւնը չ’ապահովեր գրականութիւններու այն խնդրանքները զորս հրատարակիչները անհատապէս կ’ընեն։ Անոնք որոնք կ’ուզեն որոշ գրականութիւն մը, կրնան գրականութիւններու ծառային իմացնել, որ անմիջապէս պիտի պարփակէ զայն ժողովքի գրականութիւններու ամսական խնդրանքին մէջ։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ ժողովքի գրականութիւններու ամսական խնդրանքը Ընկերութեան ղրկելէ առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն անձնական գրականութիւններ ստանալ, կարենան գրականութիւններուն հոգ տանող եղբօր իմացնել։
◼ Իւրաքանչիւր ժողովք պիտի ստանայ Literature Inventory (S-18) «ֆօրմ»էն երեք օրինակներ։ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է հանդիպում մը ունենայ գրականութիւններու ծառային հետ Օգոստոսին սկիզբը եւ որոշէ թուական մը ժողովքի գրականութիւնները ցուցակագրելու ամսուան վերջաւորութեան։ Բոլոր գրականութիւններուն իսկական համրանքը պէտք է առնուի եւ համագումարը պէտք է արձանագրուի Literature Inventory «ֆօրմ»ին վրայ։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել պարբերաթերթերու ծառայէն։ Հաճեցէք բուն օրինակը Ընկերութեան ղրկել ոչ աւելի ուշ քան Սեպտեմբեր 6։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը կարելի է գործածել որպէս սեւագիր։ Քարտուղարը պէտք է ցուցակագրելը հսկէ եւ վերակացու տեսուչը պէտք է ամբողջացած «ֆօրմ»ը ստուգէ։ Քարտուղարը եւ վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն «ֆօրմ»ը։
◼ Այն հրատարակիչները որոնք կը ծրագրեն կանոնաւոր ռահվիրայութեան ծառայութիւնը սկսիլ 1 Սեպտեմբեր 1994–ին, պէտք է առանց ուշացումի դիմումնագիր ներկայացնեն։
◼ Ժողովքի քարտուղարը ծառայութեան տեղեկագիրները պիտի համադրէ արձանագրելու համար Congregation Analysis Report (S-10) «ֆօրմ»ին վրայ։ Ան նաեւ ուշադրութեամբ պիտի հրահանգէ ոեւէ երէց կամ օգնական ծառայ որ կ’օգնէ տեղեկագիրը պատրաստելու։ Ասիկա պիտի ապահովէ ճշգրիտ ցուցակագրութիւն մը Ժողովքին Հրատարակիչի Արձանագրութեան (S-21) քարտերէն պէտք եղած տեղեկութիւններուն։ Congregation Analysis Report (S-10) «ֆօրմ»ը պէտք է ճշգրիտ ու կոկիկ կերպով լեցուի եւ ուշադրութեամբ ստուգուի ծառայութեան յանձնախումբին կողմէ։