Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/94 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
թծ 10/94 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ Մեր ժողովքային շաբաթական ժողովները ո՞րքան ժամանակ պէտք է առնեն։

Եհովան կատարեալ կերպով ժամանակապահ է։ Իրականութեան մէջ, տիեզերքը այնքա՛ն ճշգրտօրէն կազմակերպուած է որ մարդը կրնայ երկնային մարմինները գործածել ժամանակը պահելու համար։ (Ծննդ. 1։14) Որպէս Զինք ընդօրինակողներ, կը փափաքինք բաները ընել կարգապահ ու լաւ-կարգադրուած կերպով մը։ Ասոր առնչութեամբ ժողովքային շաբաթական ժողովներուն ժամանակը յարգելը մարզ մըն է որ արժանի է մեր ուշադրութեան։

Ժողովները ճիշդ ժամանակին սկսիլը եւ փակելը կարգապահութիւն կը ցոլացնէ եւ նկատառութիւն կը ցուցաբերէ բոլոր անոնց հանդէպ որոնք ժողովներուն ներկայ կը գտնուին ու կը մասնակցին։ (Ժող. 3։17բ. Ա. Կորն. 14։33) Կրնանք մեր հետաքրքրութիւնը յայտնել միշտ ջանալով որ Քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուինք ճիշդ ժամանակին։ Նկատի առէք ձեռք ձգուելիք օրհնութիւնները։ Բաւարար կանուխ հասնիլը առիթ կու տայ որ ընկերակցինք ուրիշներու հետ, անհրաժեշտ բաներու հոգ տանինք եւ բացման երգեցողութեան ու աղօթքին մասնակցելու առանձնաշնորհումը վայելենք։ Անշուշտ, յայտագրին զանազան բաժինները ձեռք առնող եղբայրներուն պատասխանատուութիւնն է որ վստահ ըլլան թէ ժողովներուն ժամանակը կը յարգուի, եւ անոնց ջանքերը ասոր առնչութեամբ միշտ մեծապէս կը գնահատուին։ Հետեւեալները ի մտի ունենալիք կարգ մը ուղեգծեր են ժողովներուն երկարութեան ու պատշաճ ժամանակաւորումին նկատմամբ։

Հանրային Դասախօսութեան ժամանակը 45 վայրկեան է, իսկ «Դիտարան»ի Ուսումնասիրութեան մէկ ժամ յատկացուած է, մէջը ըլլալով վերաքաղի հարցումները նկատի առնելը։ Ուստի, երկու ժողովները, երգեցողութիւններն ու աղօթքները պարփակուած, պէտք է վերջանան երկու ժամուայ մէջ։ Հանրային դասախօսը եւ Դիտարանի ուսումնասիրութեան վարիչը կառչելով իրենց յատկացուած ժամանակին, այս նպատակակէտը կարելի է իրագործել։

Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը 45 վայրկեան տեւող ժողով մըն է։ Հրահանգիչ ուղերձը եւ Աստուածաշունչի ընթերցումէն աչքառու կէտերը թէեւ չեն դադրեցուիր երբ ժամանակը կը վերջանայ, այս բաժինները ձեռք առնող եղբայրները պէտք է մնան իրենց յատկացուած ժամանակին սահմանին մէջ։ Ծառայութեան Ժողովը նաեւ 45 վայրկեաննոց ժողով մըն է։ Հետեւաբար, երկու ժողովները, ի ներառեալ աղօթքներն ու երգեցողութիւնները, պէտք չէ մէկ ժամ եւ 45 վայրկեանէ աւելի առնեն։ Բոլոր մասնակցողները կրնան նպաստել յայտագրին ժամանակը յարգելու, բեմին մօտ նստելով կամ իրենց բաժինը ներկայացնելու համար շուտով իրենց տեղը առնելով, ինչպէս նաեւ ցուցադրութիւնները եւ հարցազրոյցները լաւ փորձ ընելով։

Իսկ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութիւնը մէկ ժամ տեւող ժողով մըն է, ի ներառեալ բացման ու փակման աղօթքները։ Թէեւ սովորաբար անձնական տուներու մէջ կը վարուի, ան միւս ժողովներուն պէս, պէտք է սկսի եւ վերջանայ ճիշդ ժամանակին։ Վստահ ըլլալու համար որ ժողովը ճիշդ ժամանակին վերջանայ, վարիչը նիւթը պիտի բաժնէ մասերու այնպէս որ խուսափի դասին վերջին մասը արագօրէն ընելէ կամ շատ կանուխ վերջացնելէ։

Բոլորս ալ կրնանք օգտուիլ այն ժողովներէն որոնք ճիշդ ժամանակին կը սկսին ու կը վերջանան։ Ասիկա մասնաւորաբար կը գնահատուի անոնց կողմէ որոնք անհաւատ կողակիցներ ունին, որոնք կ’ակնկալեն զիրենք տեսնել տունը որոշ ժամանակի մը մէջ։ Բաժնուած ընտանիքներէն եղողները երբ կը կարգադրեն փոխադրութեան միջոցը ժողովներուն երթալու ու վերադառնալու կամ երբ կ’ըսեն թէ ո՛ր ատեն տուն պիտի վերադառնան, լաւ կ’ըլլայ որ նկատի առնեն պէտք եղած ժամանակը ժողովներէն առաջ ու վերջ, ընկերակցութեան, գրականութիւններ առնելու եւ նման բաներ ընելու համար։ Անկասկած, ժողովները ճիշդ ժամանակին սկսիլը եւ վերջանալը կը նպաստէ որ ամէն բան «վայելչութեամբ եւ կարգաւ» ընենք։—Ա. Կորն. 14։40

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել