Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն որոնք տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով, այն շաբաթներուն ընթացքին որոնք սկսան Յունուար 2–էն մինչեւ Ապրիլ 17, 1995։ Յատկացուած ժամանակամիջոցին, ձեր կրցածին չափ հարցումներուն պատասխանեցէք անջատ թուղթի մը վրայ։
[Նշմար. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող աղբիւրները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։ Դիտարանի ակնարկումներէն ոմանք թերեւս չբովանդակեն էջերուն եւ պարբերութիւններուն թիւերը։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Երբ Աստուած ընդունեց Դաւիթի զղջումը Բերսաբէին հետ մեղք գործելուն համար, Դաւիթ եւ իր ընտանիքը ազատուած եղան իր սխալ վարքին գէշ հետեւանքներէն։ [Պաշտամունք էջ 127 § 5]
2. Առակաց 11։1–ին բուն սկզբունքն է թէ մենք պէտք է բարոյական ու պարկեշտ ըլլանք մեր բոլոր առեւտրական գործառնութիւններուն մէջ եթէ կ’ուզենք Եհովայի հաճութիւնը։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 5/1/87 էջ 30։]
3. Խրատ ընդունիլը տկարութեան նշան մըն է։ [Պաշտամունք էջ 127 § 4]
4. Առակաց 14։17–ն նախ ուշադրութիւն կ’ընծայէ զգացումներուն, քանի որ անոնք սովորաբար կը կանխեն արարքները։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 11/1/93 էջ 28։]
5. Բոլոր անոնք որոնք Յիսուսը Տէր կը կոչեն, պիտի փրկուին։ [Պաշտամունք էջ 105 § 5]
6. Հ.Դ. 33–ին, երբ յարուցուեցաւ եւ Աստուծոյ աջ կողմը իր տեղը գրաւեց, Յիսուս սկսաւ այդ ժամանակ իշխել իր օծեալ աշակերտներուն վրայ։ (Կող. 1։13) [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 132]
7. Գիտնականները ծննդական կանոնը գտնելէն գրեթէ 3,000 տարիներ առաջ, Սաղմոս 139։13-16–ը անոր մասին տեղեկութիւններ յայտնեց։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 8/1/92 էջ 3։]
8. Առակաց 8։22-31–ը պարզապէս իմաստութեան նկարագրականն է։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 8/1/87 էջ 22։]
9. Ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը պէտք չէ ատէ որեւէ բան։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/92 էջ 19։]
10. Առակաց 11։25–ը Եբրայերէն բանաստեղծական ոճին մէջ զուգահեռ գաղափարներու մէկ օրինակն է, իսկ Առակաց 10։7–ն՝ հակասական զուգահեռականութեան։ [Բոլոր Գիրքը էջ 107 § 7]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Սաղմոսաց գիրքը ինչո՞ւ ընտիր գրականութիւն մը ըլլալէ շատ աւելի է։ [Բոլոր Գիրքը էջ 104 § 23]
12. Յիսուս ինչպէ՞ս օգտուեցաւ Սաղմոսաց գրքին մասին գիտութիւն ունենալով։ [Բոլոր Գիրքը էջ 105 § 30]
13. Սողոմոնին ո՞վ տուաւ անոր իմաստութիւնը. ուստի ի՞նչ բան պէտք է գնահատենք երբ Առակաց գիրքը կը կարդանք։ [Բոլոր Գիրքը էջ 106 § 1]
14. Մարիամ Մագդաղենացին խորհեցաւ որ յարուցեալ Յիսուսը ո՞վ էր երբ իրեն հետ պարտէզին մէջ խօսեցաւ, եւ ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ զինք շիտակ կերպով բնորոշէ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 128]
15. Սենետրիոնի ո՞ր երկու անդամները, որոնք կը վախնային բնորոշուելէ Յիսուսի հետ, օգնեցին որ իր մարմինը թաղումի համար պատրաստուի։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 127]
16. Ինչպէ՞ս կրնանք ամէնօրեայ գործունէութեան մէջ ցոյց տալ թէ մեր եղբայրներուն հանդէպ անձնազոհ սէր ունինք։ [Պաշտամունք էջ 132-3 § 3, 4]
17. Սաղմոս 136։10-15–ը պատմական ո՞ր դէպքը կը պատմէ, եւ Փարաւոնին ի՞նչ պատահեցաւ։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 10/1/93 էջ 5։]
18. Քրիստոսի թափած արիւնը ի՞նչ կրկնակի դեր կը խաղայ։ [Պաշտամունք էջ 115 § 13]
19. Հաւատարիմ առաքեալները, Յիսուսի կէս եղբայրը Յակոբոս եւ հինգ հարիւրէ աւելի աշակերտները, ինչո՞ւ համոզուած էին թէ Յիսուս յարուցուած էր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 131]
20. Ի՞նչ բան ձգեց որ Յիսուս Քրիստոս մեծագոյն մարդը ըլլայ որ ապրած է։ [Մեծագոյն Մարդը Յառաջաբանի մեկնաբանութիւնները]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
21. Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին իր համբաւաւոր ուղերձին մէջ, Պետրոս կրկնակի մէջբերեց ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ գրքէն. այդ առիթին շուրջ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ անհատներ մկրտուեցան ու ժողովքը աւելցաւ։ [Բոլոր Գիրքը էջ 105 § 25, 26]
22. Սաղմոսաց գիրքը գուշակեց թէ Յիսուսին ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ պիտի ներկայացուէր որպէսզի խմէր, թէ անոր ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ վրայ վիճակ պիտի ձգուէր եւ թէ պիտի թուէր որ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ լքուած էր։ [Բոլոր Գիրքը էջ 105 § 30]
23. Եհովայի կազմակերպութիւնը աստուածպետական է, ինչ որ կը նշանակէ թէ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐. Եհովա ժողովքին Գլուխին՝ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐՝ միջոցաւ ուղղութիւն կը հայթայթէ Իր Խօսքին՝ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐՝ միջոցաւ. եւ Յիսուս Քրիստոս ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ին մասնաւոր պատասխանատուութիւն մը վստահած է։ (Մատթ. 24։45) [Պաշտամունք էջ 118-19 § 4-6]
24. Երկինք առնուող 144,000–ին հակառակը, ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ մը որ մէկը չէր կրնար համրել, ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ պիտի վերապրի հոս երկրի վրայ։ (Յայտ. 7։9, 14) [Պաշտամունք էջ 104 § 3, 4]
25. Աստուծոյ հաճելի որոշումի մը յանգելու համար, առաջին դարու կառավարիչ մարմինը յարուցուած հարցը քննեց ներշնչեալ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ լոյսով, ինչպէս նաեւ ‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐‐ ներգործութեան ապացոյցը նկատի առնելով։ (Գործք 15։6-29) [Պաշտամունք էջ 120 § 8]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը իւրաքանչիւր հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Իր ցցահանուելուն ատեն, Յիսուսի տրուեցաւ զմուռսով խառնուած գինի, բայց մերժեց խմել քանի որ (Օրէնքը կ’արգիլէր զայն. Ուխտաւոր մըն էր. ուզեց որ իր մտային կարողութիւնները լման կերպով պահէ)։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 125]
27. Մեր հանդերձները լուալը ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցնելը կը նշանակէ թէ (մեղքեր գործելէ դադրած ենք. Յիսուսի զոհագործութեան մեղք–քաւող արժանիքին կարիք ունենալը ընդունած ենք. մեր կեանքը Աստուծոյ նուիրած ենք ու մկրտուած ենք)։ [Պաշտամունք էջ 106 § 7]
28. Յիսուս անմեղ յայտարարուեցաւ առնուազն հինգ անգամ (Հերովդէսին. Պիղատոսին. Փելիքսին) կողմէ, որ ետքը Հրեաներուն վճռական պահանջներուն ենթարկուեցաւ եւ Յիսուսը յանձնեց որպէսզի սպաննուի։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 124]
29. Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ ծառաները որոնք մեռան ու մեռած մնացին Հ.Դ. (36–ի. 35–ի. 33–ի) Պէնտէկոստէէն առաջ, սուրբ հոգիով չօծուեցան երկնային կեանքի համար։ [Պաշտամունք էջ 111 § 5]
30. Սատանան կը պնդէ թէ բոլոր մարդոց մղումը (սէրն. ատելութիւնն. անձնական շահն) է եւ գլխաւոր հետաքրքրութիւնը՝ (Աստուծոյ անունն. ուրիշներն. իրենց անձն) է։ [Պաշտամունք էջ 124 § 14]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
Առ. 3։27, 28. Յովհ. 19։4-6. 19։25-27. Հռովմ. 15։2, 3. Յայտ. 7։16, 17
31. Քրիստոնեաները պատասխանատուութիւն ունին որ իրենց տարեց ծնողներուն հոգ տանին։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 126]
32. Մենք անկեղծօրէն հետաքրքրուած ենք մեր արտաքին երեւոյթին ունեցած ազդեցութեամբ ուրիշներու վրայ, հետեւաբար կամաւ կը զոհենք մեր անձին հաճոյ ըլլալը։ [Պաշտամունք էջ 130 § 10, 11]
33. Երբ պատեհութիւնը կը ներկայանայ ուրիշներու բարիք ընելու, ըլլայ հոգեւոր թէ նիւթական կերպով, մենք պէտք է առիթը օգտագործենք եւ մեր նմաններուն օգնենք, մանաւանդ մեր հոգեւոր եղբայրներուն։ [Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցումը. տես Դիտ. 2/1/94 էջ 16։]
34. Հակառակութեան դիմաց ծանրաբարոյ ու հանդարտ ըլլալը կրնայ Եհովան պատուել եւ մարդոց յարգանքը շահիլ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 123]
35. Մենք արդէն սկսած ենք վայելել խոստացուած վիճակները որոնք յարմարօրէն «հոգեւոր դրախտ» կոչուած են։ [Պաշտամունք էջ 107-8 § 9-11]