Դուն Ալ Կրնաս Լաւ Փորձառութիւններ Վայելել
Կարգ մը հրատարակիչներ միշտ ունին պատմելիք հետաքրքրական, քաջալերական փորձառութիւններ, հաճելի հանդիպումի մը կամ վերայցելութեան մը մասին որ շատ ուրախութիւն պատճառած է իրենց։ Լաւ փորձառութիւնները սովորաբար դիպուածով չեն գար։ Մեծամասնութիւնը ժրաջան ու յարատեւ ջանքի արդիւնքն է։ Անոնք սահմանափակուած չեն այն հրատարակիչներու որոնք աւելի ճոխաբան կամ աւելի ատակ են։
Հետեւեալները կարգ մը բաներ են որոնք նկատուած են մեծագոյն յաջողութիւն ունեցողներուն մէջ. (1) Անոնք դաշտի ծառայութեան կը մասնակցին կանոնաւոր կերպով, սովորաբար մի քանի անգամ իւրաքանչիւր շաբաթ, ինչ որ կ’ապահովէ շատ մը առիթներ որ հետաքրքրուած անհատներու հանդիպին. (2) անոնք տանտէրներու հանդէպ դրական կեցուածք մը կը պահպանեն, առաջուընէ չեզրակացնելով որ անոնք պիտի չընդառաջեն. (3) անոնք բարեկամական մօտեցում ունին, ցուցաբերելով ջերմ, հարազատ հետաքրքրութիւն մտիկ ընողներուն հանդէպ. (4) անոնք ժրաջան են եւ կը յարատեւեն ետ դառնալ վերայցելութիւններուն ինչպէս նաեւ տունը չեղողներուն. իսկ (5) անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակակէտը ունին։
Գործունէութիւնդ վերլուծելէ ետք, հաւանաբար կրնաս տեսնել թէ ինչպէ՛ս կրնաս հաճոյալի փորձառութիւններ ա՛լ աւելի վայելել, որոնք մեծապէս կը նպաստեն ծառայութիւնը արդիւնաբեր ու գոհացուցիչ դարձնելու։