Քրիստոս Որպէս Տիպար Մը Պատանիներուն
1 Սուրբ գրային երկար խօսակցութենէ մը ետք, պատանի մը ըսաւ. «Յիսուս Քրիստոսի ուժեղ անձնաւորութիւնը զիս տպաւորեց։ Ահաւասիկ առաջնորդ մը որու կրնամ վստահիլ»։ Նոյնը կարելի չէ ըսել ոեւէ քաղաքագէտի մասին կամ մարզանքի ու զբօսանքի հերոսներու մասին։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները որպէս տիպարներ չեն նկատեր զանոնք որոնք յայտնապէս կ’որդեգրեն աշխարհային չափանիշները եւ ոչ–Քրիստոնէական ապրելակերպերը։—Սաղմ. 146։3, 4
2 Պատանիները կրնան վստահ ըլլալ որ երբ հաւատք ի գործ կը դնեն Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս Աստուծոյ ոչխարներ եւ Յիսուսին կողմէ կը ճանչցուին։ Բարի Հովիւը իրենց կը հոգայ։ (Յովհ. 10։14, 15, 27) Այն պատանիները որոնք կը հետեւին Քրիստոսի որպէս իրենց Տիպարը, օրհնուած են։
3 Եղբայր մը որ ներկայիս կը ծառայէ Պրուքլինի Պէթէլին մէջ, ծառայութեան այս առանձնաշնորհումը իբրեւ նպատակակէտ ունէր այն ժամանակէն ի վեր երբ ութը տարեկան էր։ Անոր քաջալերութիւն տրուած էր որ Պէթէլի ծառայութիւնը նկատէր որպէս գործնական կերպ մը Քրիստոսի օրինակին հետեւելու երբ աւելի մեծնար։ Անոր ծնողքը, ինչպէս նաեւ ճամբորդող տեսուչները, այս նպատակակէտը իր դիմաց պահեցին։ Իրեն օգնելու որ պատրաստուի, զինք քաջալերեցին որ ժրաջանութեամբ գործի լծուի Պէթէլի ընտանիքի մէկ անդամի պէս, տան մէջ աշխատանքներ կատարելով, Թագաւորութեան Սրահին պահպանման մասնակցելով եւ ծառայութեան մէջ հմտութիւններ զարգացնելով։ Հիմա Պէթէլի ծառայութիւնը տարիներ վայելելէն ետք, ան երախտապարտ է որ մինչ կը մեծնար ջանք թափեց Քրիստոսի օրինակին հետեւելու։
4 Յիսուս աշխարհային ասպարէզ մը չհետապնդեց. ան ծառայութիւնը ընտրեց։ Պատանի քոյր մը ուզեց ռահվիրայութիւն ընել երբ դպրոցէն շրջանաւարտ եղաւ, բայց վարանեցաւ քանի որ մասնակի ժամով յարմար գործ մը ձեռք չձգեց։ Ան շարունակ մտածեց. ‘Նախ գործ մը ճարեմ, յետոյ ռահվիրայութեան դիմումնագիրս կը ներկայացնեմ’։ Երէց մը ցոյց տուաւ որ ան որքան աւելի սպասէր այնքան աւելի հրապուրիչ պիտի թուէր լիաժամ գործը, քանի որ որեւէ բան պիտի չունենար որ զինք ետ պահէր զայն ընդունելէ։ Ան պատմեց. «Եհովայի աղօթեցի որ իր հոգին զիս առաջնորդէ»։ Ան անմիջապէս օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցեցաւ եւ հետագային կանոնաւոր ռահվիրայ մը եղաւ։ Անկէ քիչ ետք, ան շատ յարմար գործ մը ճարեց որ իր ռահվիրայութեան յայտագրին հետ ներդաշնակ էր։
5 Յիսուս համարձակութեամբ Թագաւորութեան պատգամը բոլորին յայտարարեց։ (Մատթ. 4։23) Պատանի Քրիստոնեաները նոյնպէս կրնան սորվիլ համարձակ ըլլալ քարոզչութեան մէջ, ուրիշներէ չվախնալով։ 14 տարեկան Վկայ մը տեղեկագրեց. «Դպրոցին մէջ ամէն ոք գիտէ իմ դիրքս որպէս Քրիստոնեայ մը։ . . . Անոնք այնքա՛ն լաւ գիտեն որ եթէ դասընկերի մը հանդիպիմ մինչ ծառայութեան կը մասնակցիմ, շփոթութեան չեմ մատնուիր։ Դասընկերներս սովորաբար մտիկ կ’ընեն եւ շատ անգամ գրականութիւն կ’ընդունին»։
6 Քրիստոսի օրինակը նկատի առնելը կրնայ պատանիներուն օգնել որ իմաստուն որոշումներ առնեն իրենց ապագային նկատմամբ։ Փոխանակ աշխարհային հետապնդումներու միջամուխ ըլլալու, անոնք ‘իրենց Մեծ Ստեղծիչը կը յիշեն’ նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելով Եհովայի ծառայութեան մէջ։ (Ժող. 12։1, ՆԱ) Քրիստոս Յիսուսի նման, անոնք «Հօրը սէրը» կը մշակեն, որ ա՛լ աւելի փափաքելի օրհնութիւններ կը բերէ քան աշխարհի հրամցուցած որեւէ բան։ Փոխանակ հին աշխարհին հետ ‘անցնելու’, անոնք կրնան յուսալ ‘յաւիտեան մնալ’։—Ա. Յովհ. 2։15–17