Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 7/95 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 7/95 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32–էջնոց որեւէ գրքոյկ կարելի է գործածել. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուածային Անունը Որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ, Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի, Երբ Սիրելի մը կը Մեռնի, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք եւ Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը։ Սեպտեմբերին. Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը պիտի գործածուի, եւ պէտք է ջանք թափուի տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Հոկտեմբերին. Բաժանորդագրութիւններ կա՛մ Զարթի՛րին եւ կամ Դիտարանին համար։ Մասնաւոր ջանք թափեցէք պարբերաթերթերը տեղաւորելու։ Բաժանորդագրութիւնները կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններու ատեն։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Literature Request Form (S-14)–ին միջոցաւ։

◼ Շրջանային տեսուչները այժմ կը ներկայացնեն այն հանրային դասախօսութիւնը որու խորագիրն է՝ «Աստուածային Ուսուցումը կը Յաղթէ Համայն Աշխարհի մէջ»—սլայտով ներկայացում մը որ ցցուն կ’ընէ մասնաւոր միջազգային «Աստուածային Ուսուցում» Համաժողովները, որոնք վերջերս տեղի ունեցան։ Շրջանային տեսուչները պիտի շարունակեն այս դասախօսութիւնը ներկայացնել մինչեւ որ շրջանի բոլոր ժողովքներն ալ ունենան զայն։ Անկէ ետք, անոնք պիտի ներկայացնեն «Ամէն Մխիթարութեան Աստուծոյն Ապաւինեցէք» դասախօսութիւնը մինչեւ Մարտ ամսուան առաջին շաբաթը, երբ յաջորդ նոր դասախօսութիւնը յայտագրուած է որ սկսի։

◼ Ընկերութիւնը կ’արտադրէ ԱՆԳԼԵՐԷՆ լեզուով Դիտարանի կազմուած հատորներ 1951–1959 տարիներուն համար։ Նոր հրատարակիչները կամ նոր ժողովքները որոնք կը փափաքին այս գրականութիւնները ստանալ, կրնան հիմա ժողովքին միջոցաւ խնդրել։ Ընկերութիւնը այս գրականութիւնները մնայուն կերպով պիտի չմթերէ։ Ժողովքները պէտք չէ մթերեն կազմուած հատորները։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ. Դիտարանի Հրատարակութեանց Նիւթերու Ցանկ 1986–1990 —Գերմաներէն

Եհովայի Վկաները—Միացած՝ Աստուծոյ Կամքը Կատարելու Համար Համայն Աշխարհի մէջ —Սլաւերէն

Եհովան Փառաբանենք Մեր Երգերով (29 երգեր) —Ալպաներէն

Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք —Սլաւերէն

Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը —Միանմար, Պուլկարերէն

Ուրախութիւն—Ինչպէ՞ս Գտնել Զայն —Չինարէն (Պարզաբանուած), Վիեթնամերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ. Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը մէջ, (Հատոր Բ.) —Ամերիկեան Խուլերու Լեզու

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել