Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Օգոստոսին. Հետեւեալ 32–էջնոց որեւէ գրքոյկ կարելի է գործածել. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ, Աստուածային Անունը Որ Յաւիտեան Պիտի Գոյատեւէ, Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի, Երբ Սիրելի մը կը Մեռնի, Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք եւ Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը։ Սեպտեմբերին. Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը պիտի գործածուի, եւ պէտք է ջանք թափուի տան մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Հոկտեմբերին. Բաժանորդագրութիւններ կա՛մ Զարթի՛րին եւ կամ Դիտարանին համար։ Մասնաւոր ջանք թափեցէք պարբերաթերթերը տեղաւորելու։ Բաժանորդագրութիւնները կարելի է առաջարկել վերայցելութիւններու ատեն։ Նոյեմբերին. Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց։ ՆՇՄԱՐ. Այն ժողովքները որոնք վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւններուն կարիքը ունին, պէտք է զանոնք խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Literature Request Form (S-14)–ին միջոցաւ։
◼ Բաւարար քանակով ֆօրմեր պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 1996–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Այս ֆօրմերը պէտք չէ վատնել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։
◼ Իւրաքանչիւր ժողովք պիտի ստանայ Literature Inventory (S(d)-18) ֆօրմէն երեք օրինակներ։ Ժողովքի քարտուղարը պէտք է Օգոստոսին սկիզբը հանդիպում մը ունենայ գրականութիւններու ծառային հետ եւ որոշէ թուական մը ժողովքի գրականութիւնները ցուցակագրելու համար ամսուան վերջաւորութեան։ Բոլոր գրականութիւններուն իսկական համրանքը պէտք է առնուի եւ համագումարը պէտք է արձանագրուի Literature Inventory ֆօրմին վրայ։ Պարբերաթերթերու ծառայէն կարելի է առնել մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը։ Հաճեցէք բուն օրինակը Ընկերութեան ղրկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը կարելի է գործածել որպէս սեւագիր։ Քարտուղարը պէտք է ցուցակագրելը վերահսկէ եւ վերակացու տեսուչը պէտք է ամբողջացած ֆօրմը ստուգէ։ Քարտուղարը եւ վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն ֆօրմը։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 1996–ի Օրացոյցը, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։ Օրացոյցները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Թրքերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճաբոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուքրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն, Ֆինլանտերէն եւ Ֆրանսերէն։
◼ Օգոստոս 29–էն Սեպտեմբեր 1, 1995, Ընկերութիւնը Պրուքլինի Պէթէլին մէջ եղած բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրէ։ Այս ցուցակագրութեան պատճառաւ, ժողովքներուն խնդրած գրականութիւնները պիտի չպատրաստուին առաքելու կամ ստանալու համար այդ օրերուն ընթացքին։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Դիտարանի Հրատարակութեանց Նիւթերու Ցանկ 1991–1993 —Սպաներէն
Դիտարանի Հրատարակութեանց Նիւթերու Ցանկ 1991–1994 —Անգլերէն
Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը —Մակեդոներէն
Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար (Թերթիկ թիւ 16) —Արեւելահնդկերէն
Ինչո՞ւ Պէտք Է Սիրով ու Ճշմարտութեամբ Աստուած Պաշտենք (Հինտուներու համար) —Փունճապերէն
Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին մէջ —Չինարէն (Պարզաբանուած)
Յայտնութիւն. Անոր Փառաւոր Յանգումը Մօտ Է —Ուքրաներէն
Պատերազմէ Զերծ Աշխարհ մը Պիտի Ըլլա՞յ (Հրեաներու համար) —Իտալերէն, Փորթիւկալերէն
Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել —Արեւելահնդկերէն
Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը —Արեւելահնդկերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Բ. Կորնթացիս, Գաղատացիս (մէկ ձայներիզով) —Փորթիւկալերէն
Եհովայի Առջեւ Ուղիղ Եղածը Ընենք —Ճաբոներէն
Ծննդոց (չորս ձայներիզներով) —Շուէտերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Աստուածաշունչը—Ճշգրիտ Պատմութիւն, Հաւաստելի Մարգարէութիւններ —Ճաբոներէն