Ծնողներ Որոնք Կ’ուրախանան
1 Եթէ պատանի մըն ես որ Քրիստոնեայ տան մը մէջ կ’ապրիս, մասնաւոր կերպ մը կայ որով կրնաս ծնողքդ ուրախացնել։ Եթէ արդար ընթացք մը հետապնդես, «հայրդ ու մայրդ քու վրադ [պիտի] ուրախանան»։ (Առ. 23։22–25) Ծնողքդ բնականաբար լաւագոյնը կ’ուզեն քեզի համար։ Զիրենք մեծապէս հաճեցնող բանն է տեսնել թէ ճշմարտութիւնը քուկդ կ’ընես եւ կեանքդ Եհովային կը նուիրես։
2 Կրնաս շնորհապարտ ըլլալ որ ճշմարտութեան մէջ եղող ծնողք մը ունիս։ Ծնունդէդ ի վեր, անոնք քեզ կերակրած, հագուեցուցած եւ պատսպարած են, ինչպէս նաեւ հոգ տարած են հիւանդութեան ժամանակ։ Ա՛լ աւելի կարեւորը, անոնք ջանացած են քեզի սորվեցնել Եհովայի եւ իր արդար ճամբաներուն մասին. ասիկա մարզում է որ կ’ապահովէ յաւիտենական կեանքդ։ (Եփ. 6։1–4) Ինչպէ՞ս կրնաս գնահատութիւնդ ցոյց տալ։
3 Ճշմարտութիւնը Քուկդ Ըրէ. Ծնողքդ փորձած են քեզի սորվեցնել որ ճշմարտութիւնը լուրջի առնես, հոգեւորապէս յառաջդիմես եւ Եհովայի կազմակերպութեան մօտիկ մնաս։ Կրնաս գնահատանք ցոյց տալ հետաքրքրութիւն յայտնաբերելով ընտանեկան ուսումնասիրութեան հանդէպ առանց ստիպուելու։ Փափաք ապացուցանէ ժողովներուն ներկայ գտնուելու, անձնապէս նախաձեռնութիւնը առնելով պատրաստ ըլլալու այնպէս որ ընտանիքը կարենայ ճիշդ ժամանակին հասնիլ։ Ժողովներու ընթացքին ընտանիքիդ հետ նստիր եւ մօտէն ուշադրութիւն ընծայէ հետեւելով ուսումնասիրուելիք գրականութիւններուն մէջ։ Ցանկա բաժին մը բերել ժողովներուն մէջ մեկնաբանելով։ Ցոյց տուր որ կամեցող աշակերտ մըն ես Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, նշանակումներ ընդունելով եւ լաւագոյնդ ընելով զանոնք կատարելու համար։ Կամաւոր եղիր հոգ տանելու Թագաւորութեան Սրահին շուրջ կարգ մը աշխատանքներու, ուր ձեռք տալդ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Այսպիսի գործունէութիւններու միջամուխ ըլլալը կրնայ սիրտդ կեդրոնացած պահել հոգեւորապէս քեզի լաւ եղող բաներու վրայ։
4 Յառաջդիմական Նպատակակէտեր Դիր. Ցանկա նշանակալից բաժին մը բերել դաշտի ծառայութեան մէջ, ցոյց տալով թէ կը փափաքիս որակելի ըլլալ որպէս հրատարակիչ մը։ Քայլ պահէ Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութեան հետ կամ, աւելի լաւը, ամբողջ Աստուածաշունչը անձամբ կարդա։ Վճռէ որ գոհացում պիտի տաս նուիրումի եւ մկրտութեան պահանջներուն։ Ծնողքդ կրնան քեզի օգնել որ ուշադրութեամբ ծրագրես դասընթացքդ դպրոցին մէջ, այն նպատակով որ մարզում ձեռք ձգես որ քեզ պիտի զինէ լման բաժին մը բերելու Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Կեդրոնացիր այնպիսի համբաւ մը զարգացնելու վրայ որ պիտի դրդէ ուրիշները որ քեզ յանձնարարեն մասնաւոր առանձնաշնորհումներու, զոր օրինակ, ռահվիրայութեան կամ Պէթէլի ծառայութեան։ (Գործք 16։1, 2) Նպատակակէտեր իրագործելը կրնայ քեզի օգնել որ ‘լաւ բաները ընտրես, որպէսզի . . . արդարութեան պտուղներով լեցուիս’։—Փիլ. 1։10, 11
5 Պատանեկութիւնը ժամանակ մըն է սորվելու, փորձառութիւն շահելու եւ ուրիշներու հետ վարուելու նկատմամբ հմտութիւններ ձեռք ձգելու։ Անիկա ժամանակ մըն է երբ կրնաս կեանքը վայելել առանց չափահասութեան հետ եկող բոլոր ճնշումներուն եւ պատասխանատուութիւններուն։ Սողոմոն ըսաւ. «Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ»։ (Ժող. 11։9) Եթէ պատանեկութեանդ ժամանակ սիրտդ դնես Եհովայի ծառայելու վրայ, օրհնութիւններ պիտի քաղես որոնք յաւիտեան պիտի տեւեն։—Ա. Մնաց. 28։9
6 Եթէ ‘արդարութեան ետեւէ’ ըլլաս փոխանակ «երիտասարդական ցանկութիւններ»ու, ծնողքդ պիտի հանգստացնես մտահոգութեան եւ վշտի ծանր բեռէ մը։ (Բ. Տիմ. 2։22) Ուրախութեան պատճառ պիտի տաս սրտիդ։ (Առ. 12։25) Մանաւանդ Ստեղծիչիդ՝ Եհովա Աստուծոյ՝ ուրախութիւն պիտի բերես։—Առ. 27։11