Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Նոյեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով, մասնաւոր ջանք պիտի թափուի բոլոր տեղաւորումները հետապնդելու։ Դեկտեմբերին. Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը եւ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց գիրքը։ Յունուարին. 1984–էն առաջ հրատարակուած որեւէ 192 էջնոց գիրք, զոր ժողովքը ունի։ Այն ժողովքները որոնք այսպիսի գրականութիւններ չունին, կրնան Վերապրիլ ու Նոր Երկիր մը Մտնել գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։
◼ Այն ժողովքները որոնք Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 34–էն քանակ մը տակաւին ունին, կրնան հրատարակիչները քաջալերել որ միւս թերթիկներուն նման զանոնք ներկայացնեն տունէ տուն կամ այլուր։ Եթէ արտօնելի է, հրատարակիչները կրնան օրինակ մը ձգել, երբ տանտէրը տունը չեն գտներ, վստահ ըլլալով որ թերթիկը անցորդներուն տեսանելի չէ։ Ջանացէք արժէքաւոր պատգամ բովանդակող այս թերթիկին մնացած բոլոր օրինակները բաշխել։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 1997–ի Տարեգիրքը իրենց Նոյեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։ Տարեգիրքը մատչելի պիտի ըլլայ հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Հունգարերէն, Ճաբոներէն, Յունարէն, Շուէտերէն, Չինարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն եւ Ֆրանսերէն։