Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 1/97 էջ 1
  • Ամէն Տեսակ Մարդիկ Պիտի Փրկուին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամէն Տեսակ Մարդիկ Պիտի Փրկուին
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 1/97 էջ 1

Ամէն Տեսակ Մարդիկ Պիտի Փրկուին

1 Եհովա կ’ուզէ «որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Հակառակ որ ժառանգական գիծերը, միջավայրը եւ շրջանակը որոշ չափով կ’ազդեն մարդոց, սակայն անոնք ազատ կամք ունին ու կրնան անհատապէս որոշել թէ իրենց կեանքը ի՛նչպէս կ’ուզեն գործածել։ Անոնք կրնան բարին ընել ու ապրիլ, կամ չարը ընել ու մեռնիլ։ (Մատթ. 7։13, 14) Այս հասկացողութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդէ մարդոց հանդէպ մեր ունեցած հայեացքին, որոնց կը մօտենանք Թագաւորութեան բարի լուրով։

2 Պէտք չէ ենթադրենք որ ճշմարտութեան հանդէպ անհատի մը հետաքրքրութիւնը կ’որոշուի կարգ մը ազդակներէն, ինչպէս՝ ազգային կամ մշակութային ենթահողէն, կամ ալ ընկերային դիրքէն։ Ճշմարտութիւնը կրնայ կոչ ընել սահմանափակ կամ բարձրագոյն ուսում ունեցողներու, քաղաքական նպատակներ հետապնդողներու, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու, անաստուածներու, երեւութապաշտներու, նոյնիսկ հանրածանօթ չարագործներու։ Տարբեր ենթահողեր ու ընկերային մակարդակներ ունեցող անհատներ իրենց նախկին ապրելակերպը փոխած են ու այժմ կ’ակնկալեն Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կեանք ստանալ։ (Առ. 11։19) Հետեւաբար, պէտք չէ երկմտինք Թագաւորութեան պատգամով մօտենալու ամէն մակարդակի պատկանող մարդոց։

3 Նկատի Առէք Այս Օրինակները. Մարդ մը ծրագրած էր իր խորթ հայրը սպաննել, բայց չըրաւ։ Հետագային ան որոշեց անձնասպան ըլլալ, սակայն ձախողեցաւ։ Գողութեան եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան համար բանտարկուելէն ետք, անոր ամուսնութիւնը քանդուեցաւ։ Այսօր այս անհատը պարկեշտօրէն իր ապրուստը կը ճարէ ու երջանիկ ամուսնութիւն մը, ինչպէս նաեւ իր խորթ հօրը հետ լաւ յարաբերութիւն մը կը վայելէ։ Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ ան փոխուի։ Ան Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեց ու իր սորվածները կիրարկեց։ Եհովա զինք փրկութեան անյարմար չսեպեց։

4 Երիտասարդուհիի մը վայելած համբաւը՝ որպէս հեռատեսիլի դերասանուհի, իրեն երջանկութիւն չբերաւ։ Սակայն Վկաներու բարոյական ընտիր վարքէն տպաւորուած ըլլալով, ան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ընդունեց. շատ չանցած ան ուրիշներուն կ’օգնէր որ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին սորվին։ Երբ դռնէ–դուռ ծառայութեան երթար, զինք կը ճանչնային, բայց ան ուրախութեամբ կը բացատրէր որ կ’ուզէր ճանչցուիլ ո՛չ թէ որպէս դերասանուհի, այլ՝ որպէս Եհովայի Վկայ մը։

5 Երբ Վկայ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կարգադրութիւն ըրաւ Դիտարանի բաժանորդի մը հետ, անոր դրացուհին տեղեակ եղաւ ու սկսաւ ինքն ալ ներկայ գտնուիլ ուսումնասիրութեան։ Դրացուհին շուտով գիտակցեցաւ թէ ա՛յս էր իր փնտռած ճշմարտութիւնը։ Ինք ու իր ամուսինը իրենց ամուսնալուծումի վճիռը չեղեալ նկատեցին ու դարձեալ հաշտուեցան։ Կինը աստղաբաշխութեան մէջ մխրճուած ու ոգեհարցական աղանդի մը անդամ էր, բայց առանց յապաղելու ձերբազատուեցաւ սուղ գրքերէն եւ ուրիշ ամէն բանէ որ ոգեհարցութեան հետ կապ ունէր։ Շատ չանցած, ան սկսաւ ժողովներու յաճախել ու ազգականներուն ու բարեկամներուն իր նոր հաւատքին մասին խօսիլ։ Ներկայիս ան խանդավառութեամբ ուրիշներուն կը վկայէ։

6 Պէտք չէ որեւէ մէկը կանխադատենք։ Ընդհակառակը, թող որ մարդոց հետ բարի լուրը նախանձախնդրօրէն բաժնեկցինք ամէնուրեք։ Շատ պատճառներ ունինք վստահ ըլլալու թէ Եհովա որ «սրտին կը նայի», «բոլոր [«ամէն տեսակ», ՆԱ] մարդոց Փրկիչ»ը պիտի ըլլայ։—Ա. Թագ. 16։17. Ա. Տիմ. 4։10

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել