Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց երկու գրքոյկներէն մէկը. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» եւ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի։ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Կեանքդ Երջանիկ Ընել։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններուն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, կրնաք բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին. Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35։ Այն ժողովքները որոնք իրենց թաղամասերը կը ծածկեն, իւրաքանչիւր տանտիրոջ Թագաւորութեան Լուրեր Թիւ 35–էն օրինակ մը տալով, կրնան Գիտութիւն գիրքը ներկայացնել։
◼ Իւրաքանչիւր համայնքի մէջ, տարուան տարբեր ժամանակներուն, աշխարհային տօներ կան, որոնք թոյլ կու տան որ երախաները դպրոցէն արձակուրդ առնեն, իսկ ուրիշներ՝ իրենց աշխարհային գործերէն։ Ասոնք հոյակապ պատեհութիւններ կը ստեղծեն, որ ժողովքը դաշտի ծառայութեան իր մասնակցութիւնը աւելցնէ։ Երէցները պէտք է կանխատեսեն այս առիթները եւ նախապէս ժողովքին տեղեակ պահեն, տօնական ժամանակաշրջաններու ընթացքին խմբային վկայութեան համար որոշուած կարգադրութիւններուն մասին։
◼ Բաւարար քանակով պատճեններ պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 1998–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Հաճեցէք այս պատճենները իմաստութեամբ գործածել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։
◼ Իւրաքանչիւր ժողովք Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենէն (S(d)-18) երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Օգոստոսին սկիզբը ժողովքի քարտուղարը գրականութիւններու ծառային հետ պէտք է հանդիպում մը ունենայ եւ թուական մը որոշէ ժողովքի գրականութիւնները ցուցակագրելու համար ամսուան վերջաւորութեան։ Բոլոր գրականութիւններուն իսկական համրանքը պէտք է առնուի եւ համագումարը պէտք է արձանագրուի Գրականութիւններու Ցուցակագրութեան պատճենին վրայ։ Պարբերաթերթերու ծառայէն կարելի է առնել մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը։ Հաճեցէք բուն օրինակը Ընկերութեան ղրկել Սեպտեմբեր 6–էն առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագիր կարելի է գործածել։ Քարտուղարը պէտք է ցուցակագրելը վերահսկէ, իսկ վերակացու տեսուչը պէտք է ամբողջացած պատճենը ստուգէ։ Քարտուղարը եւ վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 1998–ի Օրացոյց–ը, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։ Օրացոյցները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Թրքերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հայերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուգրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, եւ Ֆրանսերէն։
◼ 28 Օգոստոս 1997–էն մինչեւ 30 Օգոստոս 1997, Ընկերութիւնը Պրուքլինի մէջ գտնուած բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրէ։ Այս ցուցակագրութեան պատճառով, ժողովքներու գրականութեան խնդրանքներու առաքումը պիտի առկախուի այդ օրերուն ընթացքին։