Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/97 էջ 1
  • Ամէն Օր Եհովայի Մասին Խօսեցէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ամէն Օր Եհովայի Մասին Խօսեցէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Լեզուդ բարութեան համար գործածէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ամէն օր Եհովան փառաբանէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2009)
  • Ամէն Ատեն Եհովան Փառաբանենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Մենք Եհովան՝ մեր Հայրը, սրտանց կը սիրենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2020
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
թծ 12/97 էջ 1

Ամէն Օր Եհովայի Մասին Խօսեցէք

1 Մարդիկ կը սիրեն խօսիլ իրենց սրտին ախորժելի եղող որեւէ նիւթի մասին, քանի որ բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։ (Ղուկ. 6։45բ) Մեր սրտին ախորժելի եղած նիւթը ի՞նչ է։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի պատմէ ու ամէն օր՝ քու գովութիւնդ»։ (Սաղմ. 35։28) Ան Եհովայի հանդէպ խոր գնահատանք ունէր ու իսկական առանձնաշնորհում մը նկատեց Աստուծոյ մասին խօսիլ ու ամէն առիթով զինք փառաբանել։ Եհովայի մօտէն ծանօթ ըլլալով, սաղմոսերգուն կը ցնծար իր վայելած բազմաթիւ բարիքներուն համար։ (Սաղմ. 35։9) Ի՞նչպէս կրնանք անոր հոյակապ օրինակը ընդօրինակել։

2 Եհովայի Մասին Խօսեցէք Ձեր Տան Մէջ. Ընտանեկան շրջանակէն ներս Եհովան խօսակցութեան բնաբան պէտք է ըլլայ։ Եհովայի հանդէպ զօրաւոր սէր ունեցող ծնողներու համար, բնական պէտք է ըլլայ Անոր մասին խօսիլ իրենց բոլոր գործունէութիւններուն ընթացքին։ (Բ. Օր. 6։5-7) Երբ անոնք ասիկա ընեն, զաւակները պիտի նկատեն որ իրենց հայրն ու մայրը իրենց հաւատքին համաձայն կ’ապրին եւ Աստուծոյ օրէնքին վրայ կը գուրգուրան։ Այն ժամանակ, զաւակները Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը պիտի նկատեն որպէս իրենց ծնողքին բարեպաշտութեան անկեղծ մէկ արտայայտութիւնը։—Բ. Պետ. 3։11

3 Եհովայի Մասին Խօսեցէք Ձեր Եղբայրներուն Հետ. Աստուածպետական սովորութիւններով լեցուն շաբաթական մեր յայտագրին մէջ, մեր մտքերը ու սրտերը հոգեւոր կերակուրներով սնուցանելու բազմաթիւ պատեհութիւններ ունինք։ Ուրիշներուն հետ խօսելիք օգտակար բաներու պակասը բնաւ չունինք։ (Ղուկ. 6։45ա) Ձեր անձնական ուսումնասիրութենէն կամ Աստուածաշունչի շաբաթական ձեր ընթերցումէն կէտ մը սորվեցա՞ք որ յատկապէս ձեզի հաճոյք պատճառեց։ Զայն ձեր եղբայրներուն հետ բաժնեցէք, այսպէս անոնց օգնած կ’ըլլաք որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը աւելնայ։—Սաղմ. 35։18. Եբր. 10։24

4 Եհովայի Մասին Ուրիշներուն Խօսեցէք. Ամէն օր երբ մարդոց հետ շփման մէջ կու գանք, ըլլայ ատիկա գործով, դպրոցին մէջ կամ ընտանիքի անհաւատ անդամներուն հետ, շուտով յայտնի պէտք է ըլլայ որ մեր կեանքը կեդրոնացած է Եհովայի մասին վկայելու շուրջ։ Փոխանակ այս աշխարհի ռամիկ ու նախատական արտայայտութիւններով ապականած ըլլալու, մեր խօսակցութիւնը Աստուծոյ պատիւ պէտք է բերէ։ Ամէն օր, ամէն առիթով, ուրիշներուն խօսեցէք այն բարի լուրին մասին, որու նկատմամբ յանձնարարութիւն ստացած ենք որ քարոզենք։—Գործք 5։42. Կող. 4։6

5 Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները ըլլալով, օրական պատեհութիւններ օգտագործենք մեր անբաղդատելի Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ մասին խօսելու համար։—Սաղմ. 106։47

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել