Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/98 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
թծ 11/98 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Նոյեմբերին եւ Դեկտեմբերին. Գիտութիւնը Որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Յունուարին. 192 էջնոց որեւէ գիրք։ Փետրուարին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։

◼ Ժողովքները պէտք է սկսին ապսպրել՝ Եհովայի Վկաներու 1999–ի Տարեգիրք–ը, իրենց Նոյեմբերի ապսպրանքներուն հետ։ Տարեգիրք–ը մատչելի պիտի ըլլայ հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Շուէտերէն, Չինարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն։

◼ Վերջին տարիներուն օտար երկիր ճամբորդելու պատեհութիւնները երթալով աւելի մատչելի դարձած են։ Այս պատճառաւ, մեր եղբայրներէն շատեր ուրիշ երկիրներ այցելելու կարգադրութիւններ ըրած են։ Շատ յաճախ, անոնք Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակներէն տեղեկութիւններ կը խնդրեն։ Մասնաճիւղի գրասենեակները ուրախ կ’ըլլան Թագաւորութեան Սրահներու հասցէներ եւ ժողովի ժամերու մասին տեղեկութիւններ հայթայթելով, տեղական ժողովքներու հետ կապ պահելու օգնելու համար։ Նաեւ, անոնք կրնան ուղղութիւն տալ մասնաճիւղի գրասենեակը այցելելու նկատմամբ։ Սակայն, տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ բազմաթիւ ուրիշ հարցումներ կը հարցուին ճամբորդական ու իջեւանի կարգադրութիւններու, զբօսաշրջիկներու յատուկ վայրերու եւ նման հարցերու մասին։ Մասնաճիւղի գրասենեակները պատրաստուած չեն, ո՛չ ալ ժամանակ ունին այսպիսի տեղեկութիւններ հայթայթելու։ Կը քաջալերենք որ զբօսաշրջիկները ուրիշ աղբիւրներու դիմեն, ինչպէս՝ ճամբորդական գործակալներու կամ զբօսաշրջիկական գրասենեակներու, որոնք սովորաբար տեղեկութիւններ կը հայթայթեն։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց —Մակեդոներէն

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ —Նավաճօ

Բարի Լուր Բոլոր Ազգերուն Համար —Ռուսերէն

Դիտարանի Ուսումնասիրութեան Նիւթերու Գրքոյկ—Ա. Մաս —Հայերէն

Ընտանեկան Հաճելի Կեանք մը Վայելեցէք (Թերթիկ թիւ 21) —Հայերէն

Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը —Ամհարիգերէն, Հայերէն

Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք —Հայերէն, Ռուսերէն

Իրապէս Ո՞վ կը Տիրէ Աշխարհին (Թերթիկ թիւ 22) —Հայերէն

Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայ, Հատոր Բ. —Հոլանտերէն

Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ —Ռուսերէն

Մխիթարութիւն Յուսալքեալներուն (Թերթիկ թիւ 20) —Հայերէն

Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ (Թերթիկ թիւ 19) —Հայերէն

Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան —Ռուսերէն

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ (մէկ ձայներիզով) —Չինարէն (Մանտարին)

Աստուածպետական Կարգադրութիւնները Ինչո՞ւ Յարգել (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Քորէայերէն

◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.

Աստուածաշունչը—Ձեր Կեանքին Մէջ Անոր Զօրութիւնը —Սպաներէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել