Անոնք Մեր Տարբեր Ըլլալը կը Տեսնեն
1 Անցեալ տարի, աւելի քան 300,000 նորեկներ մկրտուելով միացան մեզի։ Այս անհատները Եհովայի Վկաներուն մէջ ի՞նչ տեսան, որ փափաքեցան Աստուծոյ կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալ։ Ինչո՞ւ միւս բոլոր կրօնքներէն աւելի մեր տարբեր ըլլալը աչքի կը զարնէ։ Հետեւեալ կարգ մը բացայայտ պատասխանները նկատի առէք.
—Փոխանակ անձնական գաղափարներու, Աստուածաշունչին կը կառչինք. Եհովա Աստուած կը պաշտենք «հոգիով ու ճշմարտութիւնով», ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ որ ընենք։ Ասիկա կը նշանակէ կրօնական ստութիւնները մերժել եւ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին համակերպիլ։—Յովհ. 4։23, 24. Բ. Տիմ. 3։15-17
—Փոխանակ մարդիկ մեր քով գալու, մենք անոնց քով կ’երթանք. Քարոզելու ու սորվեցնելու Քրիստոսի յանձնարարութիւնը ընդունած ենք, եւ պարկեշտ սիրտ ունեցողները փնտռելու իր օրինակին կը հետեւինք։ Անոնց կը փնտռենք իրենց տուներուն մէջ, փողոցները, կամ՝ ուր որ կը գտնուին։—Մատթ. 9։35. 10։11. 28։19, 20. Գործք 10։42
—Աստուածաշունչի ուսուցում կը հայթայթենք բոլորին՝ անվճար. Մեր եկամուտները ու կորովը ձրիաբար կը տրամադրենք, ամէն տարի աւելի քան մէկ միլիառ ժամեր յատկացնելով Աստուծոյ ծառայութեան։ Անաչառ կերպով, Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրենք ամէն տեսակ մարդոց հետ։—Մատթ. 10։8. Գործք 10։34, 35. Յայտ. 22։17
—Մարդոց հոգեւորապէս օգնելու համար լաւ մարզում ստացած ենք. Աստուածաշունչի մեր անձնական ուսումնասիրութեամբ եւ ժողովքային հանդիպումներուն եւ համաժողովներուն հայթայթուած ուսուցումով, աստուածպետական անգին ու շարունակական կրթութիւն կը ստանանք, որ մեզ կարող կը դարձնէ ուրիշները լուսաւորելու։—Եսայ. 54։13. Բ. Տիմ. 2։15. Ա. Պետ. 3։15
—Ճշմարտութիւնը լուրջի կ’առնենք, զայն մեր առօրեայ կեանքին մէջ կիրարկելով. Քանի որ Աստուծոյ հանդէպ սէր ունինք, փոփոխութիւններ կ’ընենք եւ մեր կեանքը իր կամքին հետ կը ներդաշնակենք։ Քրիստոսանման մեր նոր անձնաւորութեան պատճառաւ, ուրիշներ ճշմարտութեամբ կը հրապուրուին։—Կող. 3։9, 10. Յակ. 1։22, 25. Ա. Յովհ. 5։3
—Կը ջանանք ուրիշներուն հետ խաղաղութեամբ ապրիլ ու աշխատիլ. Աստուածային յատկութիւններ մշակելը մեզի կ’օգնէ որ մեր արարքներուն ու խօսքերուն հսկենք։ Մենք բոլոր մարդոց հետ ‘խաղաղութիւն կը փնտռենք եւ անոր ետեւէն կ’երթանք’։—Ա. Պետ. 3։10, 11. Եփ. 4։1-3
2 Եհովայի կազմակերպութեան մէջի քրիստոնէական տիպար ապրելակերպ ունեցողները տեսնելը, շատերը կը մղէ որ ճշմարտութիւնը ընդունին։ Թող որ մեր անհատական օրինակը միեւնոյն ազդեցութիւնը ունենայ մեզի գիտցողներուն ու դիտողներուն վրայ։