Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/99 էջ 8
  • «Ի՞նչ Պէտք Է Ընեմ»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ի՞նչ Պէտք Է Ընեմ»
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն ի՞նչ ապագայ կ’ուզէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Դպրոցէն Լաւագոյնս Օգտուեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1997)
  • Ուսում ստանալու նպատակը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1993
  • Լիաժամ Ծառայութեան Ուրախութիւնները
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 4/99 էջ 8

«Ի՞նչ Պէտք Է Ընեմ»

1 Չափահասութեան ճամբու վրայ եղող պատանի մը ըլլալով, կրնաք հարցնել. ‘Ի՞նչպէս կրնամ գործածել իմ կեանքս’։ Քրիստոնեայ պատանիներ կ’ուզեն Եհովայի մատուցած իրենց ծառայութիւնը ընդարձակել։ Բայց ասիկա ի՞նչպէս կրնաք ընել, մինչ չափահասութեան պատասխանատուութիւնները կը ստանձնէք, որոնք կը պարփակեն նաեւ ձեր նիւթական կարիքները հոգալ։ Ասոր պատասխան մը գտնելը կրնայ դիւրին չըլլալ։

2 Կարգ մը պատանիներ կը մտահոգուին, երբ կը տեսնեն աշխարհի տնտեսական վիճակը եւ ապագայի նկատմամբ եղած ենթադրութիւնները։ Անոնք հարց կու տան. ‘Աշխարհային յաւելեալ ուսում պէ՞տք է հետապնդեմ։ Անմիջապէս լիաժամ ծառայութեան սկսի՞մ’։ Որպէսզի շիտակ որոշումի մը յանգի, անհատ մը անկեղծօրէն հետեւեալ հարցումին պէտք է պատասխանէ. ‘Կեանքի մէջ գլխաւոր հետաքրքրութիւնս ի՞նչ է’։ Ան իր շարժառիթները պէտք է քննէ։

3 Պատանեկութեան շրջանին, ո՞ր գլխաւոր հետաքրքրութիւնները մշակած էք։ Գլխաւորաբար նիւթական շահեր հետապնդելով հետաքրքրուա՞ծ էք, թէ ոչ ի՛րապէս կը փափաքիք ձեր կեանքը գործածելով Թագաւորութեան շահերը յառաջացնել։ Համալսարանական վկայական մը գործի ասպարէզին մէջ յաջողութիւն չ’ապահովեր։ Որպէս փոխընտրութիւն, շատեր շուկայի մէջ ուզուած հմտութիւններ ձեռք ձգած են որոշ դասընթացքներու հետեւելով, կամ արհեստից ու արուեստից վարժարան յաճախած են, եւ կամ համալսարանային կարճատեւ դասընթացքներու հետեւած են, որոնք իրենցմէ նուազագոյն ժամանակ եւ մասնակցութիւն կը պահանջեն։

4 Վստահութիւն Ունեցէք Եհովայի Խոստումներուն Վրայ. Մեզմէ պէտք չէ վրիպի հետեւեալ կենսական իրողութիւնը. Եհովա Աստուած երաշխիք տուած է որ ինք հոգ պիտի տանի անոնց՝ որոնք Թագաւորութեան շահերը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը կը դնեն։ (Մատթ. 6։33) Ասիկա անարժէք խոստում մը չէ։ Ծառաներու Մարզումի Դպրոցը յաճախած եղբայրներէն շատեր, ճշմարտութիւնը գիտնալէ առաջ բարձրագոյն ուսում ստացած էին, բայց աշխարհային ի՞նչ գործ կ’ընէին։ Շատ քիչեր կը հետեւէին այն ասպարէզին, որու համար ուսում ստացած էին։ Շատեր մինչ ռահվիրայութիւն կ’ընեն, կ’աշխատին սպասարկութիւն մատուցող մարզերու մէջ եւ իրենց նիւթական պէտքերը շատ լաւ կը հոգան։ Իրենց գործունէութիւնը ընդարձակելով ծառայութան մէջ, անոնք այնպիսի օրհնութիւններ կը ստանան, զորս դրամը չի կրնար ապահովել։

5 Երկրորդական վարժարանը աւարտելէն ետք, երբ կ’որոշէք թէ ի՛նչ պէտք է ընէք, կշռեցէք բոլոր ազդակները եւ զգուշութեամբ քննեցէք ձեր շարժառիթները։ Ձեր ընտրութիւններուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալու համար, Զարթի՛ր 8 Մարտ 1998, էջ 19-21–ի տեղեկութիւնները նկատի առէք։ Խօսեցէք ձեր ծնողքին, երէցներուն, շրջանային տեսուչին եւ ձեր շրջանի յաջողակ ռահվիրաներուն հետ։ Ասիկա պիտի օգնէ ձեզի որ իմաստուն որոշում մը տաք, թէ ի՛նչպէս պիտի գործածէք ձեր կեանքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել