Հարցումի Տուփ
◼ Ծնողներ ի՞նչ նախազգուշութիւններ պէտք է ձեռք առնեն, երբ իրենց երախաները դաշտի ծառայութեան կը մասնակցին։
Քրիստոնեայ ծնողներ տեղին ըլլալով իրենց զաւակները իրենց հետ դաշտի ծառայութեան կը տանին, որպէսզի զանոնք մարզեն Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու։ Մինչ ասիկա կ’ընեն, անոնք պէտք է հսկեն իրենց երախաներուն վրայ, թաղամասին մէջի հաւանական վտանգներու պատճառաւ, նոյնիսկ «աւելի ապահով» կարծուած թաղերու մէջ։ Երթալով աւելի շատ երախաներ վայրագութեան եւ խոշտանգումի թիրախ կը դառնան, քանի որ ագահութիւնը եւ սեռային եղծանումը կ’աւելնան մեր ապրած «չար ժամանակներ»ուն ընթացքին։ (Բ. Տիմ. 3։1-5) Ծնողներ տրամաբանական նախազգուշացումներ պէտք է ձեռք առնեն, իրենց փոքր զաւակները պաշտպանելու համար, անոնցմէ՝ որոնք կ’ուզեն զանոնք որսալ։ Ի՞նչ կրնան ընել։
Աստուածաշունչը իմաստունօրէն կը խրատէ մեզ որ զգոյշ ըլլանք եւ վտանգը նախատեսենք։ (Առ. 22։3. Մատթ. 10։16) Չենք ուզեր օրէնք մը դնել, բայց իմաստութիւն է որ ծնող մը կամ ուրիշ չափահաս մը դաշտի ծառայութեան մէջ երախային ընկերակցի։ Եթէ պատասխանատուութեան գիտակից երկու պատանի հրատարակիչներ իրարու հետ կ’աշխատին, յանձնարարելի է որ ծնող մը կամ ուրիշ չափահաս մը բոլոր ժամանակամիջոցին անոնց վրայ հսկէ։ Անշուշտ, մինչ երախան կը մեծնայ եւ կը փաստէ աւելի պատասխանատուութեան գիտակից ըլլալ, ծնողներ կրնան որոշել եթէ ան աւելի նուազ ծնողական շեշտակի հսկողութեան կարիքը ունի։—Տես նաեւ՝ Հոկտեմբեր 1992 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։
Նաեւ իմաստութիւն է ապահովութեան մասին մտածել երբ ինքնաշարժի մէջ էք, կամ կը քալէք։ Պատշաճ նախազգուշացումներ ձեռք առնելը յաճախ արգելք կը հանդիսանայ արկածներու եւ անոր պատճառած աղիտալի ցաւերուն, բժշկական ծախսերու եւ իրաւական բարդութիւններու հաւանականութեան, երթալով աւելի դատամիտ դարձող մեր աշխարհին մէջ։
Տեղին է որ երախաներ «Տէրոջը անունը օրհնեն»։ (Սաղմ. 148։12, 13) Դաշտի ծառայութեան մէջ անոնց գրաւիչ խօսքերը եւ լաւ վարմունքը, ուրիշներուն վրայ լաւ տպաւորութիւն կը ձգեն եւ Եհովայի պատիւ կը բերեն։ Ո՛վ ծնողներ, ամէն գնով, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ բարի լուրը ծանուցանելու մէջ կանոնաւորաբար բաժին բերեն, մինչ որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն կը հսկէք զիրենք պաշտպանելու համար, գոյութիւն ունեցող որեւէ հաւանական վտանգէ։