Եհովայի Գեղեցիկ Անունը Մեծապէս Արժեւորենք
1 Սատանան Աստուծոյ անունը վարկաբեկեց մեր առաջին ծնողքը մեղքի մէջ առաջնորդելով։ Բանսարկուն չարամտօրէն ըսաւ թէ Եհովա ստած էր Ադամի։ (Ծննդ. 3։1-5) Քանի որ աստուածային անունը առնչուած է իր խօսքը կատարելու Աստուծոյ կարողութեան հետ, Սատանայի ամբաստանութիւնը յոռեգոյն զրպարտութիւնն էր։ Իր աստուածային նպատակները աստիճանաբար իրագործելով, Եհովա իր անունը անարգանքէ մաքրած եւ զայն գեղեցկացուցած է։—Եսայ. 63։12-14
2 Մենք այն ժողովուրդն ենք որու վրայ Եհովա ‘իր անունը կոչած է’։ (Գործք 15։14, 17) Ասիկա առիթ կ’ընծայէ այդ անուան սրբացման նկատմամբ մեր զգացումները արտայայտելու։ Եհովայի անունը իրապէս գեղեցիկ կը նկատենք. անիկա կը ներկայացնէ ամէն ինչ որ բարի, ազնիւ, սիրալիր, ողորմած եւ արդար է։ Աստուծոյ փառաւոր անուան մեծութեան հանդէպ ակնածանքով կը լեցուինք։ (Սաղմ. 8։1. 99։3. 148։13) Ի՞նչ ընելու պէտք է մղուինք։
3 Աստուծոյ Անունը Սրբացնենք. Աստուծոյ անունը ասկէ աւելի սուրբ չի կրնար ըլլալ։ Բայց մեր մաքուր վարքով եւ Թագաւորութեան քարոզչութեամբ, կրնանք ցոյց տալ թէ Աստուծոյ անունը մեծապէս կ’արժեւորենք։ Թող որ բացագանչենք. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք, անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք, յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է»։ (Եսայ. 12։4) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։
4 Եհովայի անունը եւ անոր նշանակութիւնը ծանուցանելու իւրաքանչիւր պատեհութենէն կրնանք օգտուիլ։ Պաշտօնապէս կամ անպաշտօն կերպով, տունէ տուն կամ վաճառատունէ վաճառատուն, փողոցը կամ հեռաձայնով, մեր քարոզչութիւնը Եհովան կը պատուէ։ Երբ մտիկ ընող հետաքրքրուած անհատներ գտնենք, հաստատ ժամադրութիւններ պէտք է առնենք, անոնց վերայցելելու եւ անոնց Եհովայի մասին աւելի սորվեցնելու համար։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է այս ժամադրութիւնները յարգենք եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու մեր ջանքերուն մէջ յարատեւենք։ Բարեբախտաբար, ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ Եհովայի գեղեցիկ անուան կը ծանօթանան, զայն կը յարգեն ու կը սրբացնեն։
5 Աստուծոյ անունը սրբացնելու գործունէութեան մէջ մեր սրտանց մասնակցութիւնը, յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Եդեմի մէջ Սատանայի յարուցած հարցին մէջ ի՛նչ տեղ կը գրաւենք։ Ասիկա ամենէն ազնուական, պատուական գործն է զոր կրնանք կատարել։ Թող որ մեծապէս արժեւորենք ու նախանձախնդրաբար փառաբանենք Եհովայի գեղեցիկ անունը։—Ա. Մնաց. 29։13