Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Օգոստոսին. Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի եւ Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք գրքոյկները։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնանք ներկայացնել, երբ յարմար է։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Վերայցելութիւններուն երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ, կամ՝ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։
◼ Ամէն համայնքի մէջ տարուան ընթացքին տարբեր ժամանակներ, աշխարհային տօներու պատճառով աշակերտներ դպրոցէն, իսկ աշխատաւորներ իրենց գործերէն արձակուրդ կ’առնեն։ Ասոնք հոյակապ պատեհութիւններ կը ստեղծեն որ ժողովքը դաշտի ծառայութեան մէջ յաւելեալ մասնակցութիւն բերէ։ Երէցները պէտք է կանխաւ ծրագիրներ ընեն այսպիսի առիթներու համար եւ ժողովքը տեղեակ պահեն արձակուրդի շրջանին խմբովին վկայելու համար եղած կարգադրութիւններէն։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 2000–ի Օրացոյց–ը, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու ապսպրանքին հետ։ Օրացոյցները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Ալպաներէն, Անգլերէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Թրքերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հայերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուգրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն, եւ Ֆրանսերէն։
◼ Օգոստոս 27-31, 1999, Ընկերութիւնը Պրուքլինի Պէթէլի մէջ գտնուած բոլոր գրականութիւնները պիտի ցուցակագրէ։ Այս ցուցակագրութեան պատճառով, ժողովքներու գրականութեան ապսպրանքներու առաքումը պիտի առկախուի այդ օրերուն ընթացքին։
◼ Նիւ Եորքի մէջ, Պրուքլինի եւ Փէթըրսընի Ընկերութեան կառոյցներուն հեռաձայնի թիւերը փոփոխութեան ենթարկուած են։ Հեռաձայնի նոր թիւերն են. Պրուքլին (718) 560-5000 իսկ Փէթըրսըն (914) 306-1000։ Ուոլգիլի հեռաձայնի թիւը կը մնայ (914) 744-6000։ Առ ի վերյիշեցում, ժողովքային հարցերու առնչութեամբ Ընկերութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը, ժողովքի երէցներու մարմինին միջոցաւ պէտք է ըլլայ։
◼ Բաւարար քանակով պատճեններ պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի 2000–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին գործածուին։ Այս պատճենները պէտք չէ վատնել։ Զանոնք պէտք է գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Դժոխքի Կրակ. Անիկա Աստուածային Արդարութեան Մաս կը Կազմէ՞ (Թերթիկ Թիւ 74) —Ռուսերէն
Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23) —Գերմաներէն, Լեհերէն, Ռուսերէն
Եհովայի Վկաները Ո՞վ Են (Թերթիկ Թիւ 73) —Ռուսերէն
Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ —Հինտի
Ի՛նչպէս Դրախտին Ճամբան Գտնել (Իսլամներու համար) —Պենկալերէն
Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք —Դանիերէն, Հոլանտերէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Սլաւերէն, Ֆէրոյերէն
Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար (Թերթիկ Թիւ 16) —Ղազախերէն
Խաղաղ Նոր Աշխարհ մը՝ Պիտի Գա՞յ (Թերթիկ Թիւ 17) —Ղազախերէն
Խօսելու եւ Սորվեցնելու Ձեր Կարողութիւնը Ի՛նչպէս Բարելաւել —Հինտի
Ճակատագի՞րը կ’Իշխէ Մեր Կեանքին, թէ Ոչ Աստուած Մեզ Պատասխանատու կը Բռնէ —Ռուսերէն
Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ —Արաբերէն
1986-1995–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ —Սպաներէն