Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Ապրիլին ու Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Հետաքրքրուած անհատներու համար Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ձեր քով ունեցէք, եւ ջանացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը։ Կեդրոնացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Կրնաք գործածել հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան, եւ Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք։ Երբ յարմար տեսնէք կրնաք ներկայացնել Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, 2000–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները հետեւեալ լեզուներով՝ Անգլերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Հայերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն, ինքնաբերաբար պիտի ղրկուին գրականութեան առաքումին հետ։ Հարկ չկայ ապսպրել զանոնք։ Լանջանշանները պիտի ղրկուին 25–ական ծրարներով, իւրաքանչիւր ժողովքի ծաւալին համաձայն։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, անոնք պէտք է ապսպրուին Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ Ժողովքէն անոնք որոնք կը փափաքին լանջանշանի բլասթիքէ պատեաններ ունենալ, պէտք է ապսպրեն զանոնք։
◼ Ընկերութիւնը ունի ԱՆԳԼԵՐԷՆ լեզուով Դիտարան–ի կազմուած հատորներ 1951-1955, 1987, 1995 եւ 1996 տարիներուն համար, եւ Զարթի՛ր 1987 եւ 1989 տարիներուն համար։ Այն հրատարակիչները կամ նոր ժողովքները որոնք կը փափաքին այս գրականութիւնները ստանալ, կրնան այժմ ժողովքի գրականութեան ծառային միջոցաւ զանոնք խնդրել։
◼ Ինչպէս որ ծանուցուեցաւ Մարտ 2000 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, Դիտարանի Գրադարան—1999–ի Հրատարակութիւն–ը այժմ CD-ROM–ի վրայ կ’արտադրուի ինը լեզուներով։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ասիկա հանրութեան բաշխելու, դպրոցական գրադարաններու մէջ դրուելու, կամ պարզապէս Եհովայի Վկաներով հետաքրքրուած անհատներուն տրուելու համար չէ։ Դիտարանի Գրադարան—1999–ը ժողովքի անդամներուն համար հայթայթուած է եւ մատչելի է միայն ժողովքին միջոցաւ։ Մինչեւ որ compact disc–երը մատչելի ըլլան եւ առաքուին, անոնք ժողովքի ծրարումի ցանկերուն վրայ առկախուած պիտի մնան։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար
—Էսթոներէն
Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ —Չինարէն
Եհովան Ո՞վ Է (Թերթիկ Թիւ 23)
—Սէպուանօ
Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը Մէջ (Թերթիկ Թիւ 15) —Պենկալերէն, Բոշայերէն (Մակեդոնիա)
Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն—Արաբերէն
Եհովայի Վկաներու Հաւատալիքները Ի՞նչ Են (Թերթիկ Թիւ 14)
—Պենկալերէն
Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ
—Էֆիկերէն, Թրուքերէն, Իպօ
Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք—Էսթոներէն
Ինչո՛ւ Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ (Թերթիկ Թիւ 13) —Պենկալերէն
◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.
Ո՛վ Ընտանիքներ, Աստուածաշունչի Առօրեայ Ընթերցանութիւնը Ձեր Ապրելակերպը Ըրէք (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով)—Սպաներէն
Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ (վեց ձայներիզ մէկ ալպոմի մէջ)—Սամոայերէն
Սովի Ժամանակ Կեանքը Պահպանել (Թատերախաղ, մէկ ձայներիզով) —Փորթուկալերէն
Բարի Լուրը Ըստ Յովհաննէսի
—Քորէայերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Նոյ՝ Աստուծոյ Հետ Քալեց
—Ռումաներէն
Աստուածաշունչի Զօրութիւնը Ձեր Կեանքին Մէջ
—Իտալերէն, Հոլանտերէն