Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/01 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 2/01 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Փետրուարին. Որեւէ 192 էջնոց հին գիրք, որ ժողովքը ունի։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններու ընթացքին հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու միտումով։

◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներու գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք Ընկերութեան տարեկան նամակները (S-201)։ Նաեւ նկատի առէք Օգոստոս 1986–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին 12-20–րդ պարբերութիւնները։

◼ Քարտուղարը հոգ պիտի տանի որ Շրջանային Շինարարութեան Յանձնախումբը տեղեակ ըլլայ Թագաւորութեան Սրահի Կամաւորներու Հարցարանի պատճեններ (S-82) ներկայացուցած, մկրտուած բոլոր հրատարակիչներուն կեցուածքին մասին։ Երբ կամաւորի մը վիճակը փոփոխութեանց ենթարկուի, ինչպէս՝ երբ փոխադրուի, կամ օգնական ծառայ կամ երէց նշանակուի, շուտով նոր պատճեններ պէտք է լեցուին եւ ղրկուին։ Եթէ կամաւորի մը հասցէն կամ հեռաձայնի թիւը փոխուի, կամ եթէ ան այլեւս ժողովքին մէջ օրինակելի չըլլայ, երէցները անմիջապէս նամակով մը շրջանային յանձնախումբը տեղեակ պէտք է պահեն։

◼ Շաբաթ՝ 12 Մայիս 2001–ին, Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի Ընկերութեան համալիրները փակ պիտի ըլլան գարնանային մաքրութեան պատճառով։ Այդ օրը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ, ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։

◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ 18 տարեկան եղող բոլոր տղամարդիկը նամակատուն երթան ու գրանցուին։ Խնդրոյ առարկայ անհատները պէտք է արագօրէն հոգ տանին այս հարցին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին իշխանութիւններուն հանդէպ։ Երէցները պէ՛տք է այս մասին մտածեն եւ վերյիշեցնեն երիտասարդ եղբայրներուն, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան։ Այս առնչութեամբ երիտասարդ Քրիստոնեային պատասխանատուութիւններուն շուրջ յարուցուած հարցումներուն՝ երէցները կրնան պատասխանել։

◼ Երբ չնշանակուած թաղամաս մը աշխատին, հրատարակիչներ կրնան Գիտութիւն գիրքը, կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացնել։ Եթէ տանտէրը այս երկու գրականութիւնները արդէն ունի, ուրիշ որեւէ գրականութիւն կրնաք ներկայացնել։ Ամէն ոք պէտք է այլազան թերթիկներ ունենայ, տունը չեղողներու, կամ անոնց համար որոնք գրականութիւն չեն ընդունիր։ Ջանք պէտք է թափուի, հետաքրքրութիւն մը հետապնդելու, մասնաւորաբար այն չնշանակուած թաղամասերուն մէջ, որոնք թերեւս մասնաւոր ռահվիրաներու կողմէ կ’աշխատցուին, կամ մօտակայ ժողովքներու համար դիւրամատչելի են։

◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.

Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ— Մալակասի, Մալթերէն, Սանկօ

Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ—Ալպաներէն, Ամհարիգերէն, Արեւելահայերէն, Գամպոտերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Եբրայերէն, Թայ, Թոնկայերէն, Թուի, Իլոքօ, Լիթուաներէն, Խրուաթերէն, Հունգարերէն, Մակեդոներէն, Նավաճօ, Ուգրաներէն, Չեխերէն, Պարսկերէն, Պուլկարերէն, Սամոայերէն, Սերպերէն, Սինհալա, Սլովաքերէն, Փափիամէնթօ, Փունճապի, Ֆիճիերէն, Ֆինլանտերէն

Աստուծոյ Ուղղութիւնը—Դրախտ Տանող Ճամբան—Սերպերէն

Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք Են. Ի՞նչ Են Իրենց Հաւատալիքները—Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն

Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Ա.—Ալպաներէն, Արաբերէն, Գերմաներէն, Խրուաթերէն, Հունգարերէն, Ուգրաներէն, Չեխերէն, Ռումաներէն, Սերպերէն, Սրանանթոնկօ, Վրացերէն, Ֆինլանտերէն

Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք—Թիկրինիա

Իրապէս Ո՞վ կը Տիրէ Աշխարհին (Թերթիկ Թիւ 22)—Թիկրինիա

1986-1990–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Խրուաթերէն

1996-1997–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Ռուսերէն

1999–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Ճափոներէն

◼ Մատչելի Նոր Ձայներիզներ.

Մեր Հոգեւոր Ժառանգութիւնը Գնահատենք—Սպաներէն, Ֆինլանտերէն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել