Կազմակերպուած՝ «Վայելչութեամբ եւ Կարգաւ»
1 Նահանգային Համաժողով մը յաջողութեամբ պսակուելու համար, բազմաթիւ ջանքերու միաձուլում մը պէտք է ըլլայ։ Համաժողովի վարչութիւնը ժողվուելու յարմար վայրի մը, ինչպէս նաեւ պանդոկներու հետ համաձայնութիւններ ընելու համար կարգադրութիւններ կ’ընէ։ Անհատներ եւ ընտանիքներ ճամբորդելու եւ իջեւանելու իրենց ծրագիրները կ’ընեն։ Իսկ ժողովքներ կամաւորներ կը հայթայթեն, համաժողովի բազմաթիւ բաժիններուն անձնակազմերը պատրաստելու համար։ Նպատակակէտն է որ ‘ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլայ’։—Ա. Կորն. 14։40
2 Մինչ ձեր ջանքերը համաժողովը կազմակերպողներուն ջանքերուն կը միացնէք, ի մտի ունեցէք թէ ամիսներու, երբեմն տարիներու, պատրաստութիւն պահանջուած է։ Հարիւրաւոր եղբայրներ շատ ժամանակ կը յատկացնեն որ ամէն բան կարգի դրուի։ Ասիկա կը պարփակէ վայրեր վարձել, գործիքներ եւ աշխատաւորներ հաւաքել։ Այս կանխաւ պատրաստութիւնը բոլորին համար հոգեւոր օրհնութիւններ կը բերէ։ Ի՞նչ կրնանք ընել աջակցելու համար։
3 Իջեւանի Կարգադրութիւններուն Հետ Համագործակցեցէք. Շատ կարեւոր է որ բոլորս ալ համաժողովի կարգադրութիւններուն հետ համագործակցինք։ Ասիկա յատկապէս անհրաժեշտ է երբ իջեւանի կարգադրութիւնները կ’ընենք։ Իւրաքանչիւր համաժողովի համար, բառացիօրէն, հարիւրաւոր սենեակներու կարիքը կայ։ Մեր եղբայրներուն մեծամասնութիւնը սահմանափակ պիւտճէ մը ունի, եւ անոնք ստիպուած են աժան սենեակներ վարձել։ Շատ մեծ ջանքեր թափուած են, պանդոկներէն լաւագոյն գիները ձեռք ձգելու համար։ Սիրալիր կերպով ուրիշներու կարիքները նկատի պէտք է առնենք, եւ ‘միայն մեր անձերուն շահը չփնտռենք հապա ամէն մէկս իր ընկերինն ալ’։—Փիլ. 2։4
4 Սենեակներ ձեռք ձգելու համար նահանգային համաժողովի ուղեգծերուն սերտօրէն կառչիլը, խնդրոյ առարկայ եղող բոլոր անհատներուն օգտին կը ծառայէ։ Այս ուղեգծերը անտեսելը, անհարկի խնդիրներ կը յարուցանէ։ Ի՞նչպէս։ Երբ այս թելադրութիւններուն հետ համագործակցինք, պանդոկները կանխաւ կը գիտնան թէ քանի՛ սենեակ վերապահուած է եւ քանի՛ հիւր պիտի ունենան։ Ասիկա անոնց կ’օգնէ որ ծրագիրներ ընեն եւ շարունակեն յառաջիկայ տարիներուն զեղչ ընել։ Եթէ մեզմէ շատեր իրենց վերապահումները չեղեալ նկատեն կամ տարբեր ծրագիրներ ընեն, ասիկա պանդոկի վարչութեան, ինչպէս նաեւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար անյարմարութիւններ կը ստեղծէ, որոնք թերեւս այդ նոյն վայրին մէջ իջեւանիլ կ’ուզէին։ Ապագային, վարչութիւնը մեր համաժողովներուն համար աւելի սակաւաթիւ սենեակներ մատչելի կրնայ դարձնել, խորհելով թէ մեր յանձնառութիւնը պիտի չյարգենք։ Որքան աւելի լաւ է երբ մեր խօսքին տէրը կ’ըլլանք, թոյլ տալով որ մեր «այոն՝ այո» ըլլայ։—Մատթ. 5։37
5 Նկատի Առէք Այս Լաւ Արդիւնքները. Համաժողովէ մը ետք, ճամբարի մը պատասխանատուն դիտել տուաւ. «Նկատած եմ թէ Եհովայի Վկաները ամէն բանի մէջ պարկեշտ են։ Անցեալ շաբաթ ճամբարիս մէջ 40 Վկաներ կային, եւ որեւէ խնդիր չյարուցանեցին։ Ընդհակառակը, անոնք միա՛կն են որ կու գան եւ կը տեղեկացնեն եթէ իրենց յետսակառքին կամ վրանին մէջ յաւելեալ անհատ մը ունին։ Ինծի համար, անոնք լաւագոյն յաճախորդներն են»։ Որքա՜ն հոյակապ կ’ըլլայ եթէ այսպիսի վայրեր մեզի վարձու տուողները, նոյնանման տպաւորութիւններ ունենան։ Ասիկա ի՜նչ սքանչելի վկայութիւն մը պիտի տայ։
6 Պանդոկներու շարքի մը շրջանային տնօրէնը անգամ մը ըսաւ. «Չեմ յիշեր եթէ երբեք հանդիպած եմ այսպիսի մեծ խումբի մը, որուն անդամները իրենց հաւատալիքները ա՛յսքան սքանչելիօրէն կը դրսեւորեն։ Յուսանք կը վերադառնաք»։ Այս գովաբանութիւնը ցոյց կու տայ թէ ընտիր վարքը ոչ միայն մե՛զ կ’ոգեւորէ, այլեւ աշխարհի մէջ մեզ դիտողներէն շատերը։
7 Համագործակցելու Հիմնական Կերպեր. Պարզ բաներ կան, զորս կրնանք ընել, սենեակներ վերապահելու գծով համաժողովի կարգադրութեան հետ համագործակցելու համար։ (1) Ձեզի հարկ եղածէն աւելի պանդոկի սենեակներ մի՛ վերապահէք։ (2) Ձեր սենեակը վերապահելու համար հարկ եղած կանխավճարը ղրկեցէք։ (3) Ձեզի հրամցուած անվճար նախաճաշի կարգադրութիւնը մի՛ շահագործէք։ (4) Յիշեցէք թէ պանդոկի սեփականատէրերը իրաւացիօրէն կ’ակնկալեն որ իրենց օրէնքներուն համաձայն վարուինք։
8 Որպէս Եհովա Աստուծոյ ծառաներ, պատեհութիւնը ունինք իր անձնաւորութիւնը արտացոլացնելու մեր ըրած ամէն բանի մէջ։ Ասիկա կը պարփակէ համաժողովներու եւ անոնց ներկայ գտնուելու համար կարգադրութիւններ ընել, ուր Աստուծոյ անունը խնդրոյ առարկայ է։ Մտաբերեցէք որ ան «խռովութեան [«անկարգութեան», ՆԱ] Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան»։ (Ա. Կորն. 14։33) Ուստի, վճռենք որ բոլոր դիտողները Եհովայի այս յատկութիւնը նկատեն մեր մէջ, տեսնելով մեր վարքն ու վերաբերմունքը, մինչ կը ծրագրենք եւ ներկայ կը գտնուինք «Աստուծոյ Խօսքը Ուսուցանողներ» Նահանգային Համաժողովին։ Կը մաղթենք որ պարկեշտ սիրտ ունեցող դիտողները անդրադառնան, թէ Եհովայի ժողվուած ծառաները կազմակերպուած են՝ «վայելչութեամբ եւ կարգաւ»։—Սաղմ. 68։26