Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/01 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 5/01 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մայիսին. Դիտարան պարբերաթերթը։ Երբ վերայցելութիւններու ընթացքին հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, կարելի է բաժանորդագրութիւն ներկայացնել։ Ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու միտումով։ Յունիսին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ կեդրոնացէք։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . ., Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնայ ներկայացուիլ երբ յարմար է։

◼ Յունիս 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՌԱՏԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Համաժողովի բոլոր վայրերուն մէջ ուր կառատուներու ապահովութիւնը մեզի վստահուած է, ինքնաշարժ դնելու տեղեր անվճար մատչելի պիտի ըլլան եւ առաջին հասնողները պիտի գործածեն պարապ տեղերը։ Կառատան տոմսակներ պիտի չգործածուին, սակայն համաժողովի լանջանշանները պիտի ծառայեն որպէս մեր ինքնութիւնը բնորոշող նշան մը։ Միա՛յն անոնք որոնք իրենց ինքնաշարժին վրայ օրինաւոր արտօնագիր մը կը կրեն թէ իրենք ֆիզիքապէս անկարող են, անոնց թոյլ պիտի տրուի որ իրենց ինքնաշարժները դնեն հո՛ն ուր անկարողներուն վերապահուած է։ Նկատի ունենալով պարփակուած ծախսերը, կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ համաշխարհային գործին ի նպաստ դրամական նուիրատուութիւններ ընելով, մեր Թագաւորութեան Սրահին կամ համաժողովի վայրին մէջ։ Համաժողովի վայրին մէջ դրամատոմսով եղած նուիրատուութիւնները, պէտք է «Եհովայի Վկաներ»ու անունով ըլլան։ Քանի որ կառատունը սովորաբար սահմանափակ տեղեր կ’ունենայ, ջանացէք որ կարելի եղած չափով ձեր ինքնաշարժները լեցուն ըլլան, փոխանակ ինքնաշարժի մը մէջ մէկ կամ երկու հոգի ըլլալու։ Կարգ մը վայրերու մէջ, կառատան այս կարգադրութիւնը կարելի չէ այս տարի լիովին որդեգրել։ Այն ժողովքները որոնք հոս յիշուածէն տարբեր կարգադրութեան մը պիտի հետեւին, տեղեակ պիտի պահուին իրենց համաժողովի կեդրոնատեղիին կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել