Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/02 էջ 1
  • Երկրի Ամենէն Ուրախ Ժողովուրդը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Երկրի Ամենէն Ուրախ Ժողովուրդը
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Երանելի Աստուծոյ» ծառայողները երջանիկ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Կրնա՛ս իսկական ուրախութիւն գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Իրական ուրախութիւն՝ Եհովայի ծառայելով
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Յիսուսի խօսքերը ի՛նչպէս երջանկութիւն կը յառաջացնեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
թծ 2/02 էջ 1

Երկրի Ամենէն Ուրախ Ժողովուրդը

1 «Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։ (Սաղմ. 144։15) Այս խօսքերը կը բնութագրեն Եհովայի Վկաները որպէս երկրի ամենէն ուրախ ժողովուրդը։ Միակ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ ծառայելէն աւելի մեծ ուրախութիւն չկայ։ Քանի որ ան «ուրախ Աստուած» է, զինք պաշտողները իր ուրախութիւնը կ’արտացոլացնեն։ (Ա. Տիմ. 1։11, ՆԱ) Ի՞նչ են մեր պաշտամունքին կարգ մը երեսակները, որոնք մեր ա՛յսքան ուրախ ըլլալուն կը նպաստեն։

2 Ուրախ Ըլլալու Պատճառներ. Յիսուս մեզ հաւաստիացուց թէ ուրախութիւնը արդիւնքն է ‘մեր հոգեւոր պէտքերուն գիտակցելուն’։ (Մատթ. 5։3, ՆԱ) Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրելը եւ մեր քրիստոնէական բոլոր ժողովներուն ներկայ գտնուիլը կը գոհացնեն այդ կարիքը։ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը սորվիլը, մեզ ազատագրած է կրօնական ստութիւններէ եւ սխալներէ։ (Յովհ. 8։32) Սուրբ Գրութիւնները նաեւ մեզի սորվեցուցած են լաւագոյն ապրելակերպը։ (Եսայ. 48։17) Այս պատճառաւ, քրիստոնէական օգտակար ընկերակցութիւն կը վայելենք մեր ուրախ եղբայրակցութեան մէջ։—Ա. Թես. 2։19, 20. Ա. Պետ. 2։17

3 Աստուծոյ բարոյական բարձր չափանիշներուն հնազանդելով մեծ գոհունակութիւն կը ստանանք, քանի որ գիտենք թէ ասիկա մեզ կը պաշտպանէ եւ Եհովան կ’ուրախացնէ։ (Առ. 27։11) Լրագրի մը թղթակիցը նշեց. «Հակառակ անոնց խիստ չափանիշներուն, Եհովայի Վկաները տխուր չեն երեւար։ Ընդհակառակը, անոնց թէ՛ երիտասարդները եւ թէ տարեցները, արտասովոր ուրախութեան եւ լաւ հաւասարակշռութեան երեւոյթ մը ունին»։ Ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներուն օգնել որ մեր ուրախ ապրելակերպը բաժնեն։

4 Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Ուրախութիւն Գտնեն. Աշխարհը ապերջանկութեամբ լեցուն է, եւ մարդիկ ընդհանրապէս ապագայի նկատմամբ մռայլ հայեցակէտ մը ունին։ Սակայն, մենք պայծառ հայեցակէտ մը ունինք, գիտնալով թէ օրին մէկը ամէն տխրութիւն անցեալին պիտի պատկանի։ (Յայտ. 21։3, 4) Հետեւաբար, նախանձախնդրութեամբ կը մասնակցինք ծառայութեան, փնտռելով պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ, մեր յոյսը եւ Եհովայի մասին մեր հաւատալիքները անոնց հետ բաժնելու համար։—Եզեկ. 9։4

5 Ռահվիրայ քոյր մը ըսաւ. «Ասկէ աւելի գոհացում տուող բան չկայ, որ անհատներու օգնես Եհովան եւ իր ճշմարտութիւնը ճանչնալու»։ Մեր կարելին ընենք աւելի շատ անհատներ քաջալերելու որ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ ընդունին։ Եհովայի ծառայելը եւ մեր անձէն տալը՝ ուրիշներուն օգնելու համար որ իրեն ծառայեն, մեծագոյն ուրախութիւնը կը բերէ։—Գործք 20։35

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել