Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Ապրիլին ու Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Հրատարակիչները պէտք է տանտէրներուն տեղեկացնեն, թէ կրնան երկրածաւալ գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընել։ Երբ հետաքրքրութիւն ցոյց տրուի, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար մասնայատուկ ջանք ընելով։ Յունիսին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ տանտէրները այս գրականութիւնները ունին, ներկայացուցէք յարմար գրքոյկ մը, որ ժողովքը ունի։
◼ Այն հրատարակիչները, որոնք Ապրիլ ամսուան ընթացքին կը փափաքին որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել, հիմա իսկ պէտք է ծրագրեն ու իրենց դիմումնագիրը ներկայացնեն։ Ասիկա պիտի օգնէ երէցներուն որ անհրաժեշտ եղող դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները ընեն ու բաւարար քանակով պարբերաթերթեր եւ այլ գրականութիւններ ունենան ձեռքի տակ։ Ամէն ամիս ժողովքին ծանուցանեցէք բոլորին անունները, որոնք ընդունուած են որպէս օժանդակ ռահվիրայ։
◼ Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 28 Մարտ 2002–ին։ Եթէ ձեր ժողովքը սովորաբար Հինգշաբթի օր ժողով կ’ունենայ, կրնաք զայն շաբթուան ուրիշ մէկ օրուան ձգել, եթէ Թագաւորութեան Սրահը մատչելի է։ Եթէ ասիկա կարելի չէ ու ձեր Ծառայութեան Ժողովը պիտի ազդուի, ձեր ժողովքին կիրարկելի բաժինները կարելի է ուրիշ Ծառայութեան Ժողովի մը ընթացքին ներկայացնել։
◼ Մասնաճիւղի գրասենեակը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը մասնաճիւղին ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն գրականութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։
◼ 20 կամ աւելի անհատներէ բաղկացած խումբեր, որոնք կը ծրագրեն մասնաճիւղի գրասենեակին շէնքերը այցելել, կարեւոր է որ նախ թղթակցին Central Tour Desk–ին հետ, 100 Watchtower Drive, Patterson, NY 12563-9204։ Այս գրասենեակը հոգ պիտի տանի այն խումբերուն, որոնք պիտի այցելեն Պրուքլին, Ուոլգիլ եւ Փէթըրսըն՝ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող մասնաճիւղի շէնքերը, կամ՝ Ճըրզի Սիթիի Համաժողովի Սրահը, Նիւ Ճըրզիի մէջ։ Իւրաքանչիւր վայրի այցելութեան համար հաճեցէք տեղեկութիւններ հայթայթել թէ քանի՛ հոգի պիտի գայ եւ՝ ո՛ր թուականներուն ու ժամերուն։ Մասնաճիւղի գրասենեակը մուտքը կարելի եղող շրջագայութեանց մասին բացատրութիւն պիտի հայթայթէ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ իւրաքանչիւր վայրին ուղղութիւնները։ ԻՋԵՒԱՆԻ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԺՈՂՈՎՔԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՂՐԿՈՒԱԾ ԵՆ, ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ Է ԺՈՂՈՎՔԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԷՆ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԱՆԱԼ։ Ձեր այցելութենէն առաջ, հաճեցէք վերաքաղ ընել Մարտ 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը, Պէթէլի տուները այցելելու ընթացքին պատշաճ հագուելակերպի եւ յարդարանքի առնչութեամբ։
◼ Օրինական նիւթերու թղթածրար մը մատչելի է օգնելու համար այն հրատարակիչներուն, որոնք զաւակներու խնամակալութեան ու անոնց այցելելու իրաւունքի հարցերու վերաբերեալ դատերու մէջ պարփակուած են, որոնց մէջ մեր կրօնքը յարձակման ենթարկուած է։ Միայն երէցներու մարմինը պէտք է խնդրէ այս թղթածրարը եւ ա՛յն պարագային՝ երբ բացայայտ է որ հրատարակիչին կրօնական հաւատալիքները խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլան։ Անոնք որոնք զաւակներու խնամակալութեան, կամ անոնց այցելելու իրաւունքի առնչութեամբ աշխարհիկ հարցեր կը դիմագրաւեն, օգտակար տեղեկութիւններ կրնան գտնել Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր 1997, էջ 3-12, Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր 1988, էջ 2-14, ու Զարթի՛ր 22 Ապրիլ 1991 թիւին, էջ 9–ի շրջագծին մէջ։
◼ Դիտարան–ի մեծատառ տպագրութիւնը այժմ մատչելի է Եօրուպա, Էֆիկերէն եւ Իգպօ լեզուներով։
◼ Այսուհետեւ, Ազրպէյճաներէն լեզուով հրատարակուած բոլոր գրականութիւնները պիտի գործածեն Լատինական գիրերը։ Որոշ ժամանակ մը, կարգ մը գրականութիւններ Կիւրիլական գիրերով տակաւին մատչելի պիտի ըլլան։