Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Ապրիլին ու Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Վերայցելութիւններու ընթացքին եթէ հետաքրքրութիւն գտնէք, անհատը պարփակեցէք կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողներու ցանկին մէջ։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու նպատակով։ Յունիսին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ տանտէրը այս գրականութիւնները ունի, ներկայացուցէք յարմար գրքոյկ մը, որ ժողովքը ունի։ Յուլիսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։ Գիրք մը՝ Բոլոր Մարդոց Համար գրքոյկը կրնայ ներկայացուիլ երբ յարմար է։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, 2002–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները հետեւեալ լեզուներով՝ Անգլերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Հայերէն, Ճափոներէն, Յունարէն, Չինարէն, Ռուսերէն, Սպաներէն, Վիեթնամերէն, Փորթուկալերէն, Քորէայերէն եւ Ֆրանսերէն, ինքնաբերաբար պիտի ղրկուին գրականութեան առաքումներուն հետ։ Հարկ չկայ ապսպրել զանոնք։ Լանջանշանները պիտի ղրկուին 25–ական ծրարներով, իւրաքանչիւր ժողովքի ծաւալին համաձայն։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, զանոնք կրնաք ապսպրել Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ Ժողովքէն անոնք որոնք կը փափաքին լանջանշանի բլասթիքէ պատեաններ ունենալ, պէտք է ապսպրեն զանոնք։
◼ Մասնաճիւղի գրասենեակին համար անհրաժեշտ է, վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու այժմու հասցէները եւ հեռաձայնի թիւերը ունենալ։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը պէտք է Վերակացու Տեսուչի/Քարտուղարի Հասցէի Փոփոխութիւն (S-29) պատճեն մը լեցնէ, ստորագրէ եւ փութով մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկէ։ Ասիկա կը պարփակէ նաեւ շրջանի քոտերու որեւէ փոփոխութիւն։
◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակութեամբ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ Ռահվիրայական Ծառայութեան Դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները ղրկելէ առաջ, վստահ եղէք որ անոնք ամբողջացուած են։ Եթէ դիմումնագիր ներկայացնողները իրենց մկրտութեան ճշգրիտ թուականը չեն յիշեր, մօտաւոր թուական մը պէտք է որոշեն եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրութիւն մը պահեն։
◼ Երբ ճամբորդելու ձեր անձնական ծրագիրները կը պարփակեն ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ գտնուիլ, թուականներու, ժամերու կամ հասցէներու նկատմամբ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքները պէտք է ուղարկուին այդ երկրին մէջ գործին վրայ հսկող մասնաճիւղի գրասենեակը։ Մասնաճիւղերու գրասենեակներուն հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրք–ին վերջին էջին վրայ։
◼ Այժմ Դիտարան–ը Զուլու լեզուով մատչելի է որպէս մեծատառ տպագրութիւն։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
2001–ի Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ—Անգլերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Ազդարարական Օրինակներ՝ Մեր Օրերուն Համար—Պատկերիզի Վրայ—Անգլերէն
Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը—Պատկերիզի Վրայ, Հատոր Է.—Ամերիկեան Համրերու Լեզու