Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Սեպտեմբերին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ հետաքրքրութիւն գտնէք, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, մասնաւոր ջանք թափելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ անհատը արդէն ունի ասոնք, աւելի հին գրականութիւն մը կրնաք ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ գիրքը։
◼ Հոկտեմբեր 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը պէտք չէ բաշխուի, մինչեւ որ ժողովքը իրեն նշանակուած նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուի։
◼ Միացեալ Նահանգներու զինուորագրութեան կանոնները կը պահանջեն որ 18 տարեկան ըլլալէն ետք 30 օրուան միջոցին, բոլոր տղամարդիկը նամակատուն երթան ու գրանցուին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ մնայուն կեցութիւն հաստատած, 26 տարեկանէն վար եղող հպատակութիւն չունեցող տղամարդիկն ալ պէտք է գրանցուին, հոն բնակող մը ըլլալէն ետք 30 օրուան միջոցին։ Խնդրոյ առարկայ բոլոր անհատները պէտք է ենթարկուին այս օրէնքին, զայն նկատելով որպէս Քրիստոնեայի մը պարտաւորութիւնը վերին իշխանութիւններուն հանդէպ։ Գրանցուելէն մինչեւ 26 տարեկան ըլլալը, եղբայր մը զինուորագրութեան գրասենեակը պէտք է տեղեակ պահէ հասցէի փոփոխութենէն, փոփոխութիւնը պատահելէն ետք տասը օրուան միջոցին։ Երէցները ի մտի պէտք է ունենան երիտասարդ եղբայրները, որոնք 18 տարեկան պիտի ըլլան, կամ՝ նոր կեցութիւն հաստատողները, որոնք 18–էն 26 տարեկանի միջեւ են, եւ անոնց յիշեցնեն զինուորագրութեան գրասենեակին մէջ գրանցուելու իրենց պարտաւորութիւնը։
◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 թիւին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուած կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կը մտածէ վերընդունուիլ։
◼ Մասնաճիւղի գրասենեակը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը մասնաճիւղ ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն գրականութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։
◼ 1 Սեպտեմբեր 2002–էն սկսեալ, Հայիթիեան Գրիօլ լեզուով Դիտարան–ը որպէս ամսական հրատարակութիւն մատչելի պիտի ըլլայ։
◼ 1 Սեպտեմբեր 2002–էն սկսեալ, Ամերիկեան Համրերու Լեզուով Դիտարան–ը պատկերիզի վրայ որպէս ամսական հրատարակութիւն մատչելի պիտի ըլլայ։
◼ 8 Սեպտեմբեր 2002–էն սկսեալ, Քորէայերէն լեզուով Զարթի՛ր–ը ձայներիզի վրայ որպէս կիսամսեայ հրատարակութիւն մատչելի պիտի ըլլայ։
◼ Երբեմն ժողովքներ եւ հրատարակիչներ Եհովայի մեր մատուցած պաշտամունքին առնչութեամբ օրինական դատեր կը դիմագրաւեն։ 1950–ին, Բարի Լուրը Պաշտպանել եւ Օրինապէս Հաստատել գրքոյկը լոյս տեսաւ, այս տեսակ հարցերու մէջ օգնութիւն տալու համար։ Թէեւ այս գրքոյկը անցեալին գործածուած է, սակայն անոր ներկայացուցած օրինական տեղեկութիւնները այլեւս այժմէական չեն։ Հետեւաբար, հրատարակիչներն ու երէցներու մարմինը պէտք չէ փորձեն օրինական հարցերը ձեռք առնել այդ գրքոյկին բովանդակած տեղեկութիւններուն հիման վրայ։
◼ 2003–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 27–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը հետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք 27 Ապրիլ 2003–էն առաջ պէտք չէ ունենայ մասնաւոր դասախօսութիւնը։
◼ Մատչելի Նոր Գրականութիւններ.
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք—Արաբերէն, Թակալոկ, Իտալերէն, Խրուաթերէն, Հունգարերէն, Յունարէն, Ռուսերէն, Փորթուկալերէն, Ֆինլանտերէն
«Բոլոր Գիրքը»—Վաւերական եւ Օգտակար, Գրքոյկ Ա. (Գրքոյկ՝ 2002–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ գործածուելու համար)—Արեւելահայերէն, Ուքրաներէն
«Բոլոր Գիրքը»—Վաւերական եւ Օգտակար, Գրքոյկ Բ. (Գրքոյկ՝ 2002–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ գործածուելու համար)—Արեւելահայերէն
Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ—Մոնկոլերէն
Գոհացուցիչ Կեանք՝ Ի՛նչպէս Ձեռք Ձգել—Թրքերէն, Հինտի, Մալայալամ, Մարաթի, Մոնկոլերէն, Պարսկերէն
Եհովայի Վկաներ—Որո՞նք Են. Ի՞նչ Են Իրենց Հաւատալիքները—Թոնկայերէն, Կայերէն, Հայերէն, Պուլկարերէն, Սամոայերէն
Եհովայի Վկաներու 2002–ի Տարեգիրք—Ուքրաներէն
Եսայիի Մարգարէութիւնը—Լոյս՝ Ամբողջ Մարդկութեան Համար, Հատոր Բ.—Մեծատառ Տպագրութիւն—Սպաներէն
Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք—Թոթոնագերէն, Ծելթալերէն, Ծոծիլերէն, Հուավերէն, Մազէթերէն, Մայա
Կեանքը Ի՞նչպէս Գոյացաւ—Բարեշրջութեա՞մբ թէ Ստեղծագործութեամբ (Պզտիկ չափ)—Թամուլերէն
Ճակատագի՞րը կ’Իշխէ Մեր Կեանքին, Թէ Ոչ Աստուած Մեզ Պատասխանատու կը Բռնէ (Մահմետականներուն համար) (Թերթիկ Թիւ 71)—Հոլանտերէն, Ուրտույերէն, Չեխերէն
Մարդուն Մէջ Անմահ Բան մը Կա՞յ (Թերթիկ Թիւ 25)—Թրքերէն, Հոլանտերէն, Մարշալերէն
◼ Մատչելի Նոր Պատկերիզներ.
Եհովայի Հեղինակութիւնը Յարգենք—Պատկերիզի Վրայ—Ամերիկեան Համրերու Լեզու, Անգլերէն