Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/03 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 3/03 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Հրատարակիչներ տանտէրներուն պէտք է նշեն թէ եթէ կը փափաքին, կրնան համաշխարհային գործին նուիրատուութիւն ընել։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու կը վերայցելէք, ջանացէք Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը ներկայացնել։ Ամէն ջանք պէտք է թափուի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, մանաւանդ եթէ ոմանք արդէն իսկ Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ուսումնասիրած են։ Յունիսին. Գիտութիւն գիրքը կամ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք։ Երբ տանտէրները արդէն ունին այս գրականութիւնները, ժողովքին ունեցած յարմար այլ գրքոյկ մը գործածեցէք։ Տեղաւորումները պէտք է ըլլան վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին։

◼ Այն հրատարակիչները որոնք Ապրիլ ամսուն կը փափաքին որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել, հիմա իսկ պէտք է ծրագրեն ու իրենց դիմումնագիրները ներկայացնեն։ Ասիկա պիտի օգնէ երէցներուն որ դաշտի ծառայութեան համար անհրաժեշտ եղող կարգադրութիւնները ընեն ու բաւարար քանակով պարբերաթերթեր եւ տարբեր գրականութիւններ ունենան ձեռքի տակ։ Ժողովքին պէտք է ծանուցանուին բոլոր անոնց անունները, որոնք ընդունուած են որպէս օժանդակ ռահվիրայ։

◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէ առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն գրականութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել