Բարի Լուրը Մեզի Վստահուած Է
1 Որքա՜ն առանձնաշնորհեալ ենք որ Աստուած մեզի բարի լուրը վստահած է։ (Ա. Թես. 2։4) Թէեւ ոմանք այս զօրաւոր պատգամը կրնան մերժել, սակայն պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներ անով կը հրապուրուին, որպէս թէ անուշահոտ մը ըլլար։ (Բ. Կորն. 2։14-16) Բարի լուրը ընդունողներուն եւ անոր հնազանդողներուն համար, անիկա փրկութիւն կը նշանակէ։ (Հռովմ. 1։16) Այս աւանդին ի՞նչպէս պէտք է հոգ տանինք։
2 Յիսուս եւ Առաքեալները. Յիսուս բարի լուրը ծանուցանելը առաջնակարգ տեղը դրաւ։ (Ղուկ. 4։18, 44) Նոյնիսկ երբ յոգնած ու անօթի էր, մարդոց հանդէպ իր սէրը եւ պատգամին հանդէպ իր գնահատութիւնը զինք մղեցին որ բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնէ։ (Մար. 6։30-34) Խօսքով ու օրինակով, ան իր աշակերտներուն մտքին մէջ Թագաւորութեան քարոզչութեան կարեւորութիւնը դրոշմեց։—Մատթ. 28։18-20. Մար. 13։10
3 Յիսուսը ընդօրինակելով, առաքեալները նախանձախնդրաբար Թագաւորութեան պատգամը ծանուցանեցին։ Նոյնիսկ երբ ծեծուեցան եւ իրենց պատուէր տրուեցաւ որ քարոզչութիւնը դադրեցնեն, անոնք ‘չդադարեցան սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ’։ (Գործք 5։40-42) Պօղոս առաքեալ անխոնջօրէն աշխատեցաւ այս գործին մէջ։ (Ա. Կորն. 15։9, 10. Կող. 1։29) Ան բարի լուրը բաժնելու առանձնաշնորհումը նմանցուց իր ընկեր արարածներուն վճարուելիք պարտքի մը, եւ յօժար էր իր անձնական հանգիստը զոհելու որպէսզի այդ պարտքը վճարէր։—Գործք 20։24. Հռովմ. 1։14-16
4 Ներկայիս Մեր Առանձնաշնորհումը. Մեզի վստահուած սրբազան յանձնարարութեան հանդէպ գնահատութիւնը պիտի մղէ մեզ որ կերպեր փնտռենք, քարոզչութեան մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնելու համար։ (Հռովմ. 15։16) Էտուարտ, որ հաշմակառքի մը դատապարտուած էր, պանդոկի մը մուտքին կը նստէր եւ հոն իջեւանողներուն հետ իր հաւատքին մասին կը խօսէր։ Սակայն, փափաքելով աւելին ընել, ան բեռնակառքի մը վրայ մասնայատուկ սարքեր շինել տուաւ, եւ անոր միջոցաւ երկար տարիներ ռահվիրայութիւն ըրաւ, հազարաւոր քիլոմեթրներ ճամբորդելով։ Ներկայիս Էտուարտի նման շատեր իրենց պարագաները յարմարցուցած են, որպէսզի բարի լուրի տարածման մէջ աւելի բաժին բերեն։
5 Յիսուսը եւ առաքեալները ընդօրինակելով, թող որ միշտ քարոզչութեան տանք առաջնակարգ տեղը մեր կեանքին մէջ։ Ասիկա ընելով, մարդոց հանդէպ մեր սէրը եւ մեզի վստահուած բարի լուրին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց կու տանք։