Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
1 Մեր Տէր Յիսուսը նախագուշակեց թէ իր աշակերտները նեղութեան պիտի մատնուէին։ (Մատթ. 24։9) Փորձութիւնները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ Ի՞նչ բան մեզ կարող պիտի դարձնէ նեղութեան տոկալու։ 2004 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագիրը, այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։ Անոր բնաբանն է՝ «Յոյսով Ուրախ Եղէ՛ք, Նեղութեան Մէջ Համբերեցէ՛ք»։—Հռովմ. 12։12
2 Երկու Յօդուածաշարքեր. «Համբերութիւնով Պտուղ Տուէք» խորագրով առաջին յօդուածաշարքը նկատի պիտի առնէ պտուղ բերելու կերպեր։ Քանի մը հրատարակիչներու հետ հարցազրոյցներ պիտի ըլլան, խօսելով թէ ի՛նչպէս ստիպողական հոգիով կը քարոզեն ու կը սորվեցնեն։ Ծնողներ յատկապէս պիտի ուզեն «Երբ Եհովա կը Կրթէ» բաժնին ուշադրութիւն ընծայել, որ պիտի բացատրէ թէ ծնողներ ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն հետ պատճառաբանել։ Յօդուածաշարքին վերջին դասախօսը աչքառու պիտի դարձնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի թոյլ չտանք որ աշխարհը աստիճանաբար մեր վրայ բացասական ազդեցութիւն բանեցնէ ու մեզ անպտուղ դարձնէ։—Մար. 4։19
3 Երկրորդ յօդուածաշարքին բնաբանն է՝ «Համբերութեամբ Վազեցէք Մրցարշաւը»։ Անիկա պիտի յստակացնէ թէ ի՛նչպէս մեր կենցաղը մրցարշաւի մը նման է։ Ինչո՞ւ օրէնքներուն համաձայն պէտք է մրցինք։ Ի՞նչպէս կրնանք ամէն ծանրաբեռնում թօթափել եւ կեանքի մրցարշաւին մէջ չթուլնալ։ Ներկայացուելիք սուրբ գրային ժամանակայարմար խրատները, մեր բոլորին պիտի օգնեն որ շարունակենք համբերութեամբ վազել։
4 Համբերութիւնը Աստուծոյ Հաճութիւնը կ’Ապահովէ. Ճամբորդող տեսուչներուն ներկայացնելիք դասախօսութիւններուն խրատները մտիկ ընող ու կիրարկող անհատներուն հաւատքը պիտի զօրանայ։ Նահանգային տեսուչին մէկ դասախօսութեան խորագիրն է՝ «Համբերութիւնը Ընդունելի Վիճակի մը կ’Առաջնորդէ»։ Հանրային դասախօսութիւնը սա հարցումին պիտի պատասխանէ. Ազգերը որո՞ւ անունին պէտք է յուսան, եւ ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ «Ձեր Համբերութիւնովը Հոգինիդ Պիտի Փրկէք» խորագրով փակման դասախօսութիւնը նկատի պիտի առնէ թէ Յիսուս ի՛նչպէս կրցաւ անիրաւութեան տոկալ, առանց դառնանալու։
5 Մի՛ մոռնաք ձեր հետ բերելու Ծառայութեան Դպրոց գիրքը եւ այդ շաբթուան Դիտարան–ը։ Նոթեր առէք, որպէսզի կեդրոնանաք եւ ետքը զանոնք գործածէք։ Ժողովքը հետագային յայտագիրը վերաքաղ պիտի ընէ։
6 Եհովա ինք պատրաստած է այս հոգեւոր ճոխ սնունդը։ Հրամմեցէք ու կերէք։ Ուրախութեամբ պիտի ցնծանք, եթէ ներկայ գտնուինք ու ամբողջ յայտագրէն օգտուինք։—Եսայ. 65։14