Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 25 Օգոստոս 2003–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 7 Յուլիսէն մինչեւ 25 Օգոստոս 2003 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ծառայութեան մէջ աչքի հաղորդակցութիւն պահելը ի՞նչ օգուտներ ունի։ [կօ էջ 125 պարբ. 1-2. էջ 125 շրջագիծ]
2. Եթէ ծառայութեան սկսելէ առաջ ջղագրգիռ զգաք, ի՞նչ բան կրնայ օգնել ձեզի։ [կօ էջ 128 պարբ. 4-5]
3. Ի՞նչ բան ձեզի պիտի օգնէ բնական ու խօսակցական ոճով խօսելու, երբ բեմէն դասախօսութիւն մը կը ներկայացնէք։ [կօ էջ 129 պարբ. 2. էջ 129 շրջագիծ]
4. Ղեւտացւոց 16։4, 24, 26, 28. Յովհաննու 13։10. եւ Յայտնութիւն 19։8–ի մէջ գտնուող սկզբունքները, ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենան մեր անձնական երեւոյթին վրայ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 131 պարբ. 3. էջ 131 շրջագիծ]
5. Նկարագրեցէք համեստ եւ ողջամտութիւն ունեցող անհատ մը։ (Ա. Տիմ. 2։9, 10) [կօ էջ 132 պարբ. 1]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Թէեւ Քրիստոնեաները պէտք է համբերութեամբ իրարու հանդուրժեն, սակայն անոնք ի՞նչ բանի չեն հանդուրժեր։ (Կող. 3։13) [դ01 7/15 էջ 22 պարբ. 7-8]
7. Շիտակ Կամ Սխալ. Դասական թուականը լման թիւ մը կը ներկայացնէ։ Բացատրեցէք։ [si էջ 282 պարբ. 24-25]
8. Ի՞նչ է ամենէն մաքուր շարժառիթը, զոր կրնանք ունենալ Աստուծոյ Խօսքը կարդալու համար, եւ այս շարժառիթը ունենալը ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 24 պարբ. 1]
9. Իմաստուն անհատ մը ի՞նչպէս ‘գիտութիւն կը հաւաքէ’։ (Առ. 10։14) [դ01 7/15 էջ 27 պարբ. 4-5]
10. Յոբի լաւ սովորութիւնները ինչո՞ւ ուշագրաւ են։ (Յոբ. 1։1, 8. 2։3) [դ01 8/1 էջ 20 պարբ. 4]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Կառավարիչ մարմինին անդամները ի՞նչպէս կրցան «միաբանութեամբ» որոշել, թէ հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներէն չէ պահանջուած թլփատուիլ՝ փրկուելու համար։ (Գործք 15։25)
12. Կառավարիչ մարմինը ի՞նչպէս կրնար Պօղոսէն խնդրել որ Մովսիսական Օրէնքին որոշ պահանջները կատարէր, երբ Օրէնքը Եհովայի կողմէ ջնջուած էր։ (Գործք 21։20-26) [it-1 էջ 481 պարբ. 3. it-2 էջ 1163 պարբ. 6–էջ 1164 պարբ. 1]
13. Պօղոս առաքեալի դէմ եղած ո՞ր սուտ ամբաստանութիւնները մեզ կը յիշեցնեն վերջերս Եհովայի Վկաներուն դէմ ուղղուած խօսքերը։ (Գործք 24։5, 6) [w01 12/15 էջ 22 պարբ. 7–էջ 23 պարբ. 2]
14. Պօղոս ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանող մը, նոյնիսկ երբ երկու տարի տան մը մէջ արգելափակուեցաւ։ (Գործք 28։30, 31)
15. «Վերին իշխանութիւններ»ը ի՞նչ կերպով «Աստուծոյ կարգադրութեան» մաս կը կազմեն, իսկ ասիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ Քրիստոնեաներուն։ (Հռովմ. 13։1, 2, ՆԱ) [դ00 8/1 էջ 4 պարբ. 5]