Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Սեպտեմբերին. Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Եթէ հետաքրքրութիւն գտնէք, Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, մասնաւոր ջանք թափելով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Նոյեմբերին. Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ կամ Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Եթէ անհատը արդէն ունի ասոնք, Միացած՝ Միակ Ճշմարիտ Աստուծոյ Պաշտամունքին Մէջ գիրքը կամ այլ հին գրականութիւն մը կրնաք ներկայացնել։ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Տեղաւորումները պէտք է ըլլան վերայցելութիւններու եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին։
◼ Ընկերութիւնը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը Ընկերութեան ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն գրականութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։
◼ Երէցներուն կը վերյիշեցնենք որ գործադրեն Դիտարան 1 Յուլիս 1991 թիւին մէջ տրուած թելադրութիւնները, էջ 21-23, ոեւէ վտարուած կամ իր ընկերակցութիւնը խզած անհատի առնչութեամբ, որ կը մտածէ վերընդունուիլ։
◼ 2004–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 18–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը հետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը 18 Ապրիլ 2004–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։