Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 27 Հոկտեմբեր 2003–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 1 Սեպտեմբերէն մինչեւ 27 Հոկտեմբեր 2003 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչ ըսել կ’ուզէ Ա. Տիմոթէոս 2։9–ի խրատը թէ անհատ մը ինքզինք «վայելուչ հագուստով» զարդարէ, եւ ասիկա բեմին վրայ կամ դաշտի ծառայութեան մէջ մեր ներկայացումներուն ի՞նչպէս կրնայ ազդել։ [կօ էջ 132 պարբ. 4-5]
2. Ա. Յովհաննու 2։15-17, Եփեսացիս 2։2 եւ Հռովմայեցիս 15։3–ի մէջ նշուած սուրբ գրային սկզբունքները, ի՞նչպէս պէտք է ազդեն մեր անձնական երեւոյթին։ [կօ էջ 133 պարբ. 2-4]
3. Հաւասարակշռութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն ձեռք ձգել, երբ բեմէն կը խօսինք կամ ծառայութեան կը մասնակցինք։ [կօ էջ 135 շրջագիծ. էջ 136 պարբ. 5, շրջագիծ]
4. Որպէս «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան», Յիսուս ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածելու նկատմամբ ի՞նչպէս օրինակ հանդիսացաւ մեզի։ (Յայտ. 3։14) [կօ էջ 143 պարբ. 2-3]
5. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը գործածելու մէջ աւելի հմուտ դառնալ։ (Տիտ. 1։9) [կօ էջ 144 պարբ. 1, շրջագիծ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ Աստուծոյ Խօսքին կանոնաւոր ուսումնասիրութեան կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։ [կօ էջ 27 պարբ. 3. էջ 32 պարբ. 4]
7. Յակոբու 1։5, 6–ի համաձայն, ի՞նչ բան կենսական է, երբ կարեւոր որոշումի մը դիմաց գտնուինք։ [դ01 9/1 էջ 28 պարբ. 4]
8. Առանցքային թուականները ի՞նչ են, եւ անոնք ինչո՞ւ մեծ արժէք ունին։ [si էջ 282 պարբ. 27]
9. «Բամբասանք հանողը» ի՞նչ կերպով անմիտ է։ (Առ. 10։18) [դ01 9/15 էջ 25 պարբ. 3]
10. Նոր աշխարհին մէջ մարդիկ ի՞նչպէս աւելի լիովին պիտի ըմբռնեն ժամանակի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը։ [si էջ 283 պարբ. 32]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Շիտակ Կամ Սխալ. Ա. Կորնթացիս 2։9–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ կ’ակնարկէ այն բաներուն, որ Եհովա իր հաւատարիմ ժողովուրդին պատրաստած է որպէս ժառանգութիւն։ Բացատրեցէք։ [ip-2 էջ 366 շրջագիծ]
12. Ա. Կորնթացիս 10։13–ի խօսքերը ո՞ր փորձութիւններուն կ’ակնարկեն, եւ Եհովա ի՞նչպէս ‘ազատութեան միջոց մը կու տայ’։ [դ92 1/1 էջ 10-11 պարբ. 11-14]
13. Յիսուսի առատաձեռնութեան օրինակը ի՞նչպէս Քրիստոնեաներուն կ’ազդէ։ (Բ. Կորն. 8։9) [w92 1/15 էջ 16 պարբ. 10]
14. Մովսիսական Օրէնքը ի՞նչպէս «դաստիարակ» մըն էր, որ Իսրայելացիները առաջնորդեց «Քրիստոսին»։ (Գաղ. 3։24) [դ02 6/1 էջ 22 պարբ. 11]
15. Ի՞նչ են «աշխարհի սկզբունքները», որոնցմէ պէտք է զգուշանանք, որպէսզի չմոլորինք։ (Կող. 2։8)