Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, 29 Դեկտեմբեր 2003–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 3 Նոյեմբերէն մինչեւ 29 Դեկտեմբեր 2003 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշմար. Երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընէք։—Տես՝ Ծառայութեան Դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Դաշտի ծառայութեան մէջ Աստուածաշունչը գործածելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։ [կօ էջ 145 պարբ. 2, շրջագիծ]
2. Բովանդակութիւնը ի՞նչպէս կ’ազդէ համարը ներկայացնելու կերպին։ [կօ էջ 149]
3. Աստուածաշունչէն համար մը կարդալու ժամանակ ինչո՞ւ կարեւոր է շիտակ բառերը շեշտել, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնայ իրագործուիլ։ [կօ էջ 151 պարբ. 2, շրջագիծ]
4. Երբ ուրիշներուն սորվեցնենք, ‘ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելու’ Պօղոսի խրատը ի՞նչպէս կը կիրարկենք, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ (Բ. Տիմ. 2։15) [կօ էջ 153 պարբ. 2, շրջագիծ]
5. Պօղոս ի՞նչպէս ‘Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանեց’։ (Գործք 17։2, ՆԱ, 3) [կօ էջ 155 պարբ. 5–էջ 156 պարբ. 1]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Երբ պրպտումի մեր գլխաւոր գործիքը՝ Աստուածաշունչը՝ գործածենք դասախօսութիւն մը պատրաստելու համար, ինչո՞ւ օգտակար է (1) համարներուն բովանդակութիւնը քննել, (2) վկայակոչումները ստուգել, եւ (3) Աստուածաշունչի համաբարբառ մը գործածել։ [կօ էջ 34 պարբ. 3–էջ 35 պարբ. 2]
7. Իսկական հաւատարմութիւնը ի՞նչպէս կը ցուցաբերուի եւ որո՞նց հանդէպ։ [դ01 10/1 էջ 22-23]
8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Եհովա բծախնդիր ժամանակապահ մըն է։ (Դան. 11։35-40. Ղուկ. 21։24) [si էջ 284 պարբ. 1]
9. Դասախօսութեան մը համար պրպտում կատարելէ ետք, ո՞ր ազդակները ի մտի պէտք է ունենանք որոշելու համար թէ ի՛նչ կէտեր գործածենք։ [կօ էջ 38]
10. «Նոյի օրեր»ուն նկատմամբ Յիսուսի խօսքերը ինչո՞ւ մեր ներկայ պարագաներուն հետ կապ ունին։ (Մատթ. 24։37) [դ01 11/15 էջ 31 պարբ. 3-4]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Փիլիմոնի ուղղուած Պօղոսի նամակը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ թէ Քրիստոնեայի մը յանձնարարութիւնն է անհատներուն օգնել որ Քրիստոնեայ դառնան, եւ ո՛չ թէ՝ ընկերային բարեկարգութիւն քաջալերել։ (Փիլի. 12)
12. ‘Հեռանալ’, ‘ապստամբիլ’ եւ ‘իյնալ’ բառերուն միջեւ ի՞նչ տարբերութիւն կայ։ (Եբր. 2։1, Անթիլիաս. 3։12. 6։6) [դ99 8/1 էջ 19 պարբ. 12. w86 6/1 էջ 14 պարբ. 16-17. w80 12/1 էջ 23 պարբ. 8]
13. «Եթէ Տէրը կամենայ» արտայայտութիւնը անիմաստ խօսքի մը վերածելէ ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ։ (Յակ. 4։15) [cj էջ 171 պարբ. 1-2]
14. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘սպասել եւ Եհովայի օրուան ներկայութիւնը մտքին մէջ պահել’, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ (Բ. Պետ. 3։11, 12, ՆԱ) [դ97 12/1 էջ 17-18]
15. Յայտնութիւն 2 եւ 3–րդ գլուխներուն մէջ եօթը ժողովքներուն ուղղուած պատգամներուն մէջ, ներկայ Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ կարեւոր խրատներ կը գտնուին։ (Յայտ. 2։4, 5, 10, 14, 20. 3։3, 10, 11, 17, 19)