Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Յունուարին. 1988–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Փետրուարին. Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է։ Մարտին. Գիտութիւնը որ Յաւիտենական Կեանքի կ’Առաջնորդէ։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Եթէ մարդիկ արդէն ունին այս գրականութիւնը, Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գիրքը կրնաք ներկայացնել։
◼ Ժողովքային հաշիւներուն հոգ տանող եղբայրներուն կը վերյիշեցնենք որ Համաշխարհային Գործին եւ Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին համար յատկացուած տուփերուն մէջ դրուած նուիրատուութիւնները ամէն ամիս պէտք է ղրկուին, եւ պէտք չէ գործածուին Թագաւորութեան Սրահին փոխառութիւնը կամ ժողովքին ըրած ծախսերը վճարելու համար։
◼ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Պրուքլինի, Փէթըրսընի եւ Ուոլգիլի մասնաճիւղի համալիրները փակ պիտի ըլլան հետեւեալ Շաբաթ օրերը. 13 Մարտ 2004 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), 8 Մայիս 2004 (գարնանային մաքրութիւն), 11 Սեպտեմբեր 2004 (Գաղաադու շրջանաւարտութիւն), եւ 2 Հոկտեմբեր 2004 (Փէնսիլվանիոյ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան տարեկան ժողով)։ Այդ օրերը շրջապտոյտի համար կարգադրութիւններ պիտի չըլլան, նաեւ ժողովքները չեն կրնար գրականութիւններ առնել։
◼ 2004–ի Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսեր շուտով պիտի ղրկուին, իւրաքանչիւր ժողովքի գլխաւոր լեզուով։ Եթէ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ ալ կը խօսուին եւ կը փափաքիք այդ լեզուներով հրաւիրատոմսեր ունենալ, անմիջապէս պէտք է ապսպրել զանոնք, գործածելով Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճենը (S-14)։ Ամէն ամիս ժողովքներուն յղուած «Ծանուցում՝ Բոլոր Ժողովքներուն» նամակին մէջ պիտի նշուի թէ ի՛նչ լեզուներով մատչելի են Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը։ Հաճեցէք ապսպրել միայն այն լեզուներով, որոնց կարիքը կայ ձեր թաղամասին մէջ։
◼ Հաճեցէք նկատի առնել թէ 2005 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի՝ Մարտ 24–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս ծանօթագրութիւնը կանխաւ կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիքը ունին։ Այս պարագաներուն, երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը, որպէսզի անիկա խաղաղութեամբ ու կարգապահութեամբ ընթանայ։ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակելի երէցներէն մէկը, փոխանակ պարզապէս ամէն տարի հերթականութեամբ երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։ Եթէ օծեալ ատակ երէց մը կայ, որ կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել, զինք պէտք է ընտրել։