Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/04 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 5/04 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու վերայցելէք, պարփակելով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց կազմակերպութեան հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք տեղաւորել Պաշտամունք գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Յունիսին. Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։ Կեդրոնացէք տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսելու վրայ։ Յուլիսին եւ Օգոստոսին. Հետեւեալ 32 էջնոց գրքոյկներէն որեւէ մէկը կրնայ գործածուիլ. «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ», Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի, Երբ Սիրելի մը Մեռնի. . . , Երկրի Վրայ Կեանքը Յաւիտեան Վայելեցէ՛ք, Ի՞նչ Է Կեանքին Նպատակը. Ինչպէ՞ս Կրնաք Գտնել Զայն, Ի՞նչ կը Պատահի Մեզի Երբ կը Մեռնինք եւ Պէ՞տք Է Հաւատաք Երրորդութեան։

◼ Յունիս 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Համաշխարհային գործին ու Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին ի նպաստ, տեղական Թագաւորութեան Սրահներու նուիրատուութեան տուփերուն մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի Վկաներ»ու անունով պէտք է ըլլան։ Նահանգային համաժողովներուն մէջ եւ մասնաճիւղի գրասենեակին յղուած՝ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Դիտարան»ի անունով պէտք է ըլլան։ Մասնաճիւղի գրասենեակին ելեւմտական հասցէն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, c/o Office of Secretary and Treasurer, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։

◼ Մայիս ամսուան գրականութիւններու առաքումէն սկսեալ, ժողովքի պատճեններու տարեկան քանակը ժողովքներուն պիտի ղրկուի, երբ անոնք մատչելի դառնան։ Պատճեններու բաշխումին առնչութեամբ ցուցմունքներ պիտի տրուին առաքուած ծրարին ցուցակին մէջ։ Եթէ Թագաւորութեան Սրահին մէջ մէկէ աւելի ժողովքներ կը հաւաքուին, գրականութիւնները համակարգող եղբայրը վստահ պէտք է ըլլայ որ իւրաքանչիւր ժողովք իրեն ղրկուած պատճեններու քանակը անմիջապէս կը ստանայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել