Մասնաճիւղին Նամակը
Սիրելի՝ Թագաւորութեան Հրատարակիչներ,
Ուոլգիլի տպարանին ընդարձակումը ամբողջացաւ եւ այժմ անիկա կը գործածուի։ Երկու նոր տպագրամեքենաներ զետեղուեցան, իւրաքանչիւրը կրնայ ժամական 90,000 պարբերաթերթ արտադրել, իսկ այլ նոր գործիքի մը շնորհիւ, ամէն վայրկեան 120 լաթակազմ գիրք պիտի արտադրուի։ Տպարանը Ուոլգիլ փոխադրելով, կարելի եղաւ ծախել Պրուքլինի 360 Ֆուրմէն Պողոտայի շէնքը։ Անկէ փոխադրուող բաժանմունքները 117 Էտըմզ Պողոտայի համալիրին մէջ տեղաւորելու համար, այժմ եղբայրները ծանր կ’աշխատին։
Տպարանը տեղափոխելով, շուրջ 300 եղբայրներ ու քոյրեր Պրուքլինէն Ուոլգիլ անցան, իսկ շուրջ 100 կամաւորներ որ մասնաճիւղի համակարգիչներուն հոգ կը տանին, Ուոլգիլէն Պրուքլին փոխադրուեցան, որ Տեղեկութեան Դրութիւններու Բաժանմունքին կեդրոնը դարձաւ։
Յիշատակատօնի շրջանը մասնաճիւղի թաղամասին մէջ նախանձախնդիր գործունէութեան ժամանակ էր։ Ապրիլին՝ 80,041 օժանդակ ռահվիրաներ ունեցանք, իսկ Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցաւ նոր բարձրագոյն թիւ մը՝ 2,303,015 հոգի։
Մինչ 2005 ծառայութեան տարին կը թեւակոխենք, կ’ակնկալենք ‘Տէրոջ գործին մէջ աւելին ընել’։—Ա. Կորն. 15։58
Ձեր եղբայրները,
Մ.Ն. Մասնաճիւղի Գրասենեակ