Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/04 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 12/04 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Դեկտեմբերին. Ցարդ Ապրած Մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ, կամ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Յունուարին. 1990–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին գրականութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Հին գիրքեր չունեցող ժողովքները կրնան Միակ Ճշմարիտ Աստուածը Պաշտեցէք գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Եհովայի Մօտեցիր։ Եթէ այս գրականութիւնը մատչելի չէ, կրնաք ներկայացնել Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը։ Մարտին. Արթո՛ւն Կեցէք։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Գիտութիւն գիրքը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։

◼ Զարթի՛ր 22 Յունուար 2005 թիւին մէջ, «Բժիշկիդ Հետ Հասկացողութեամբ Վարուիլ» խորագրով լոյս տեսած յօդուածաշարքը մարդոց պիտի օգնէ որ իրենց բժիշկին հանդէպ աւելի հասկացողութիւն ցուցաբերեն։ Սակայն յօդուածաշարքը անկասկած պիտի հետաքրքրէ բժիշկները, քանի որ կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կարգ մը բժիշկներ ընդունած են Աստուածաշունչի պատգամը։ Թերեւս ուզես յաւելեալ օրինակներ ապսպրել ու ջանալ օրինակ մը տալ բժիշկիդ եւ այլ մասնագէտներու։ Ժողովքները մասնաճիւղին անմիջապէս պէտք է ներկայացնեն այս թիւին յաւելեալ ապսպրանքները։

◼ 2005–ի Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը շուտով պիտի ուղարկուին, իւրաքանչիւր ժողովքի գլխաւոր լեզուով։ Եթէ ձեր ժողովքի թաղամասին մէջ ուրիշ լեզուներ ալ կը խօսուին եւ կը փափաքիք այդ լեզուներով հրաւիրատոմսեր ունենալ, անմիջապէս պէտք է ապսպրել զանոնք, գործածելով Գրականութիւններու Ապսպրանքի Պատճեն (S-14)։ Ամէն ամիս ժողովքներուն յղուած «Ծանուցում՝ Բոլոր Ժողովքներուն» նամակին մէջ պիտի նշուի թէ ի՛նչ լեզուներով մատչելի են Յիշատակատօնի հրաւիրատոմսերը։ Հաճեցէք ապսպրել միայն այն լեզուներով, որոնց կարիք կայ ձեր թաղամասին մէջ։

◼ Հաճեցէք նկատի առնել թէ 2006 թուականի Յիշատակատօնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 12–ին, արեւնամուտէն ետք։ Այս ծանօթագրութիւնը կանխաւ կը տրուի, որպէսզի եղբայրները կարենան մատչելի սրահներուն համար հարկ եղած վերապահումները կամ պայմանագրութիւնները ընել, երբ մի քանի ժողովքներ միեւնոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն եւ ուրիշ վայրեր ապահովելու կարիք ունին։ Այս պարագաներուն, երէցները վարչութեան հետ համաձայնութիւն մը պէտք է կնքեն, վստահ ըլլալու համար որ միեւնոյն կառոյցին մէջ տեղի ունեցող ուրիշ գործունէութիւններ չխանգարեն Յիշատակատօնի տօնակատարութիւնը, որպէսզի անիկա խաղաղութեամբ ու կարգապահութեամբ ընթանայ։

◼ Առիթին կարեւորութեան ի տես, Յիշատակատօնի դասախօսը նշանակելու համար, երէցներու մարմինը պէտք է ընտրէ որակեալ երէցներէն մէկը, փոխանակ պարզապէս ամէն տարի հերթականութեամբ երէց մը նշանակելու կամ նոյն եղբայրը գործածելու։ Եթէ օծեալ երէց մը կայ, որ կրնայ դասախօսութիւնը ներկայացնել, զինք պէտք է ընտրել։

◼ 27 Յունիս 2005–էն սկսեալ, Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան մէջ պիտի սերտենք Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան գիրքը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել