Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/05 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 2/05 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Փետրուարին. Եհովայի Մօտեցիր։ Եթէ այս գրականութիւնը մատչելի չէ, կրնաք ներկայացնել Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գիրքը։ Մարտին. Արթո՛ւն Կեցէք։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Գիտութիւն գիրքը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրուած անհատներու վերայցելէք, պարփակելով անոնք որ Յիշատակատօնին կամ աստուածպետական այլ առիթներու ներկայ գտնուած են, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր, ջանացէք տեղաւորել Աստուած Պաշտեցէք գիրքը։ Ամէն ջանք թափեցէք Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար, յատկապէս եթէ ոմանք արդէն ուսումնասիրած են Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը։

◼ Մարտ 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Նաեւ ստուգեցէք անջատ որեւէ հաշիւ, ինչպէս՝ նորոգութեան կամ շինարարութեան վերաբերեալ։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Քարտուղարը եւ ծառայութեան տեսուչը վերաքաղ պէտք է ընեն բոլոր կանոնաւոր ռահվիրաներուն գործունէութիւնը։ Եթէ ոեւէ մէկը ժամերու պահանջին գոհացում տալու դժուարութիւն կ’ունենայ, երէցները պէտք է կարգադրեն որ աջակցութիւն տրուի անոր։ Թելադրութիւններու համար, վերաքաղ ըրէք տարեկան նամակները (S-201)։

◼ 2005–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութեան բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Յիսուս Ինչո՞ւ Տանջուեցաւ ու Մեռաւ»։ Տես յարակից ծանուցումը, Սեպտեմբեր 2004–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։

◼ Ամէն ոք պիտի ուզէ ներկայ գտնուիլ Հանրային Ժողովին, Կիրակի՝ Մարտ 20–ին, հրատարակիչներուն մատչելի ըլլալիք կարգադրութեան մը մասին մասնայատուկ ծանուցում մը լսելու համար։

◼ Մասնաճիւղի գրասենեակը հրատարակիչներու կողմէ անհատական գետնի վրայ եղած գրականութեան ապսպրանքներ չ’ընդունիր։ Վերակացու տեսուչը պէտք է կարգադրէ որ ամէն ամիս ծանուցում մը ըլլայ, ժողովքի գրականութեան ամսական խնդրագիրը մասնաճիւղի գրասենեակ ղրկուելէն առաջ, որպէսզի բոլոր անոնք որ կ’ուզեն գրականութիւններ ստանալ, իրենց ապսպրանքը ներկայացնեն գրականութեան պատասխանատու եղբօր։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ ո՛ր գրականութիւնները մասնայատուկ ապսպրանքներ են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել