Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
June 22
«Կը խորհի՞ս որ մեր համայնքը աւելի լաւ վիճակ պիտի վայելէ, եթէ ամէն ոք սա խօսքին համաձայն ապրի։ [Կարդա՛ Եփեսացիս 4։28–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ իւրաքանչիւրիս ի՛նչ սուղ գին կը վճարենք, խանութներուն մէջ եղած գողութեան պատճառով։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ այսպիսի գողութիւններ, եւ այլ ոճիրներ, մօտ ատենէն բոլորովին վերջ պիտի գտնեն»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յուլիս 1
«Բոլորս կը ճանչնանք մարդիկ, որոնք յաջող կեանք կը վարեն, բայց տակաւին կը զգան թէ իրենց կեանքին մէջ բան մը պակաս է։ Քու կարծիքովդ, անոնք ի՞նչ կը փնտռեն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Մատթէոս 5։3–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ ներքին խաղաղութիւն ձեռք ձգելու կարեւոր ազդակ մը, որ է՝ մեր հոգեւոր կարիքը լեցնել»։
July 8
«Ներկայիս խիստ մրցակցութեամբ յատկորոշուած շուկային մէջ, անգործութիւնը մեծ խնդիր մըն է։ Այս պարբերաթերթը գործ գտնելու հինգ բանալիներ կը ներկայացնէ։ [«Գործ գտնելու հինգ բանալիներ» խորագրով յօդուածին սեւատիպ ենթագլուխները ցցուն ըրէ։] Անիկա նաեւ գործնական թելադրութիւններ կու տայ գործ մը պահելու կերպին մասին»։ Կարդա՛ էջ 10–ի վրայ մէջբերուած Առակաց 22։29–ն։