Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/05 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 8/05 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւններ Օգոստոսին. Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք։ Եթէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը հաստատուի, սերտեցէք Գիտութիւն գիրքը եւ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը, Աստուած պաշտեցէք գիրքէն առաջ։ Սեպտեմբերին. Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։ Յաւելեալ քանակ ապսպրելէ առաջ, ժողովքը պէտք է գործածէ ինչ որ շրջանին մէջ մատչելի է, հարցնելով մօտակայ ժողովքներուն թէ յաւելեալ քանակ ունի՞ն կամ ոչ։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկը ներկայացուցէք, ջանալով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Նոյեմբերին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվիր։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակ չունի, ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։

◼ Հոկտեմբեր ամիսը հինգ շաբաթավերջեր ունենալով, օժանդակ ռահվիրայութեան շատ լաւ ամիս մըն է։

◼ Այս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 5 եւ 6–րդ էջերը պէտք է պահենք, քանի որ զանոնք պիտի գործածենք երբ նկատի առնենք 2006 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի եւ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրները։

◼ Սեպտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Նաեւ ստուգեցէք անջատ որեւէ հաշիւ, ինչպէս՝ նորոգութեան կամ շինարարութեան վերաբերեալ։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։

◼ Առ ի յիշեցում, մասնաճիւղի հասցէն որպէս վերադարձի հասցէ երբեք մի՛ գործածէք անհատական որեւէ նամակի վրայ։ Ասիկա կը պարփակէ բոլոր նամակներն ու գրականութիւնները, որոնք վկայելու նպատակով կ’ուղարկուին հետաքրքրուած անհատներու, տունը չեղողներու կամ անմերձենալի վայրեր բնակողներուն։ Հրատարակիչը կրնայ իր անձնական հասցէն գործածել, քանի որ ասիկա առնչուած է Աստուծոյ մատուցած իր ծառայութեան։ (Մատթ. 28։19, 20. Հռովմ. 10։14, 15) Սակայն, եթէ ան զգայ թէ նամակով վկայելու ատեն իր անձնական հասցէն գործածելը խոհեմութիւն չէ, կրնայ իր անունը եւ Թագաւորութեան Սրահին հասցէն գործածել։—Տես՝ Մայիս 2002–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։

◼ Բոլոր մատչելի գրականութիւններուն եւ պարբերաթերթերուն տարեկան ցուցակագրութիւնը պէտք է կատարուի 31 Օգոստոս 2005–ին, կամ՝ անկէ քիչ առաջ կամ ետք։ Այս ցուցակագրութիւնը նման է՝ ամէն ամիս գրականութիւնները համակարգողին կողմէ կատարուած բուն հաշիւին, իսկ ընդհանուր գումարները պէտք է արձանագրուին Գրականութիւններու ցուցակագրութիւն պատճենին վրայ (S-18)։ Մատչելի պարբերաթերթերուն ընդհանուր գումարը կարելի է առնել պարբերաթերթերու ծառայէն (կամ ծառաներէն)։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարը պէտք է վերահսկէ ցուցակագրութեան վրայ։ Համակարգող ժողովքին քարտուղարն ու վերակացու տեսուչը պիտի ստորագրեն պատճենը։ Իւրաքանչիւր համակարգող ժողովք Գրականութիւններու ցուցակագրութիւն պատճենէն (S-18) երեք օրինակ պիտի ստանայ։ Հաճեցէք բուն օրինակը մասնաճիւղին ուղարկել Սեպտեմբեր 6–ին կամ անկէ առաջ։ Օրինակ մը պահեցէք ձեր թղթածրարներուն համար։ Երրորդ օրինակը որպէս սեւագիր կարելի է գործածել։

◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2006, Եհովայի Վկաներու 2006–ի տարեգիրք–ը եւ Եհովայի Վկաներու 2006–ի օրացոյց–ը, գրականութիւններու յաջորդ ապսպրանքին հետ։ «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն», որ ամէն ամիս իւրաքանչիւր ժողովքի կը ղրկուի, պիտի նշէ թէ այս գրականութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել