Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/05 էջ 3
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 11/05 էջ 3

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Նոյեմբերին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակ չունի, ներկայացուցէք Գիտութիւն գիրքը կամ Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն կրնաք գործածել՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց, Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ կամ Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ։ Յունուարին. 1991–էն առաջ հրատարակուած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին հրատարակութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Հին գիրքեր չունեցող ժողովքները կրնան Միակ ճշմարիտ Աստուածը պաշտեցէք գիրքը ներկայացնել։ Փետրուարին. Եհովայի մօտեցիր։ Եթէ այս գիրքը մատչելի չէ, Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը կրնաք ներկայացնել։

◼ Դեկտեմբեր 1–ին կամ անկէ անմիջապէս ետք, վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքի հաշիւները պէտք է ստուգէ։ Նաեւ ստուգեցէք անջատ որեւէ հաշիւ, ինչպէս՝ նորոգութեան կամ շինարարութեան վերաբերեալ։ Ստուգումը աւարտելէ ետք, զայն ժողովքին ծանուցանեցէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագրին հետ։

◼ Կալուած ունեցող իւրաքանչիւր ժողովքի քարտուղարը պէտք է վերաքաղ ընէ Տեղեկութիւններ՝ Թագաւորութեան Սրահներու սեփականութեան վերաբերեալ (T-36) պատճենին 42-44–րդ պարբերութիւնները։ Նոյնիսկ անշարժ կալուած մը տուրքէ զերծ դարձնելէ ետք, կարգ մը նահանգներու մէջ կը պահանջուի ամէն տարի խնդրագիր ներկայացնել։ Զգուշութեամբ ստուգեցէք տուրք որոշող տեղական գրասենեակէն, թէ որեւէ օրինական քայլ պահանջուա՞ծ է կամ ոչ։ Բոլոր տուրքերը սահմանուած ժամանակին պէտք է վճարուին։ Եթէ տուրքի մը նկատմամբ կասկածներ ունիք, հարցը շուտով հետապնդեցէք, որպէսզի կա՛մ զայն վերցնէք եւ կամ որոշուած պայմանաժամէն առաջ ձեր առարկութիւնը ներկայացնէք։

◼ Համաշխարհային գործին ու Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին ի նպաստ, տեղական Թագաւորութեան Սրահներու նուիրատուութեան տուփերուն մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Եհովայի Վկաներ»ու անունով պէտք է ըլլան։ Նահանգային համաժողովներուն մէջ եւ մասնաճիւղին ուղարկուած՝ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները «Դիտարան»ի անունով պէտք է ըլլան։ Մասնաճիւղին ելեւմտական հասցէն է՝ Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania, c/o Office of the Secretary and Treasurer, 25 Columbia Heights, Brooklyn, NY 11201-2483։

◼ Ներարկումի փոխընտրութեան վերաբերեալ առողջապահական խնամք՝ հիւանդին կարիքներուն եւ իրաւունքներուն գոհացում տալ խորագրով տեսաերիզը, Յունուարին նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ։ Ի պահանջել հարկին, կրնաք ժողովքին միջոցով զայն ապսպրել՝ կարելի եղածին չափ շուտ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել