Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Ապրիլ 24–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 6 Մարտէն մինչեւ 24 Ապրիլ 2006 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Երբ կը սորվեցնենք, ինչո՞ւ իւրաքանչիւր մտածումի փոփոխութեան համար պէտք է դադար գործածենք, բայց ի՞նչ բան կրնայ ասոր արգելք հանդիսանալ։ [կօ էջ 98 պարբ. 2-3]
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուրիշներուն վկայելու ատեն դադար գործածենք։ [կօ էջ 99 պարբ. 5–էջ 100 պարբ. 4]
3. Դասախօսութիւն մը տալու ատեն իմաստի շեշտը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ի՞նչպէս կրնանք պատշաճ իմաստի շեշտ գործածել։ [կօ էջ 101 պարբ. 1-5, շրջանակ]
4. Երբ հանրապէս կ’ընթերցենք, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր նիւթին գլխաւոր գաղափարները կը շեշտուին։ [կօ էջ 105 պարբ. 1-6]
5. Ուսուցանելու ատեն յարմար ձայնածաւալը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ թէ մեր ձայնածաւալը յարմար է։ [կօ էջ 107-108]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ներկայիս Քրիստոնեաներուն կացութիւնը ի՞նչպէս կը նմանի Եսթերի ու Մուրթքէի կացութեան, իսկ ի՞նչպէս կրնանք անոնց օրինակին հետեւիլ։ [si էջ 94 պարբ. 17]
7. Սողոմոն ի՞նչ կը նկարագրէր, երբ ըսաւ թէ «ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին»։ (Ժող. 2։11) [դ04 11/1 էջ 4 պարբ. 3-4]
8. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ սէր մշակել։ (Մար. 12։30) [w04 3/1 էջ 19-21]
9. Հոգեւոր արժանիքները ի՞նչպէս կրնանք հակադրել նիւթապաշտութեան։ [դ04 11/1 էջ 5-7]
10. Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել որ համաժողովի ընթացքին ուշի–ուշով մտիկ ընենք։ [կօ էջ 15-16]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Համանի երեսը ինչո՞ւ ծածկեցին։ (Եսթեր. 7։8)
12. Ինչպիսի՞ հոգեղէն արարած մը Եղիփազի մտածումին վրայ ազդեցութիւն բանեցուց։ (Յոբ. 4։15, 16) [w05 9/15 էջ 26 պարբ. 2]
13. Յոբայ 7։9, 10 եւ Յոբայ 10։21–ի մէջ արձանագրուած Յոբի խօսքերը ցոյց կու տա՞ն թէ ան յարութեան չէր հաւատար։
14. Յոբ թերեւս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Միայն ակռաներուս կաշիովը [«մորթով», ԱՎ] ազատեցայ»։ (Յոբ. 19։20)
15. Յոբ ի՞նչ ըսել ուզեց՝ երբ ըսաւ. «Իմ ուղղութիւնս [«ուղղամտութիւնս», ՆԱ] ձեռքէ պիտի չձգեմ», իսկ ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Յոբ. 27։5)