Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Յունիս 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 1 Մայիսէն մինչեւ 26 Յունիս 2006 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ի՞նչ է ձայներանգը եւ ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 111, շրջանակներ]
2. Դասախօսութիւն մը տալու ատեն, ի՞նչպէս կրնանք մեր ձայնի արագութիւնը փոխել։ [կօ էջ 112 պարբ. 3-6, շրջանակ]
3. Ի՞նչպէս կրնանք մեր դասախօսութեան նիւթին հանդէպ խանդավառութիւն մշակել, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։ [կօ էջ 115 պարբ. 1–էջ 116 պարբ. 2, շրջանակներ]
4. Ուրիշներու սորվեցնելու ատեն, ջերմութեան յատկութիւնը ինչո՞ւ էական է, եւ ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել զայն արտայայտելու։ [կօ էջ 118 պարբ. 2–էջ 119 պարբ. 5]
5. Հաղորդակցութեան մէջ շարժուձեւերու եւ դէմքի արտայայտութիւններու կարեւորութիւնը բացատրէ։ (Մատթ. 12։48, 49) [կօ էջ 121, շրջանակներ]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Յոբայ գիրքը ի՞նչպէս Եհովան կը բարձրացնէ եւ իր արդար չափանիշներուն վրայ շեշտ կը դնէ։ [si էջ 100 պարբ. 39, 41]
7. Ի՞նչ բան Սաղմոսաց գիրքի վաւերականութիւնը կ’ապացուցանէ։ [si էջ 102 պարբ. 10-11]
8. Խորագէտ անհատին ակնարկելով, Առակաց 13։16–ը (ԱՎ) կը նկարագրէ մէկը որ խորամա՞նկ է. բացատրէ։ [w04 7/15 էջ 28 պարբ. 3-4]
9. Սուրբ հոգին ի՞նչպէս կը գործէ որպէս օգնական, եւ ասիկա գիտնալով՝ ի՞նչ պէտք է ընենք։ (Յովհ. 14։25, 26) [կօ էջ 19 պարբ. 2-3]
10. Յիսուս ի՞նչ ընդհանրական իմաստով կու գայ, իսկ Մատթէոս 16։28–ի մէջ ան ի՞նչ ‘գալու’ կ’ակնարկէր։ [դ04 3/1 էջ 28 շրջանակ]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Յոբայ 42։1-6–ի մէջ Եհովայի ուղղուած Յոբի խօսքերէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
12. Ազգերը ի՞նչ «պարապ բան» կը մտածեն։ (Սաղմ. 2։1, 2)
13. Ի՞նչ հիմեր կը կործանին։ (Սաղմ. 11։3)
14. Ամբարտաւանը ի՞նչպէս ‘առատօրէն կը հատուցանուի’։ (Սաղմ. 31։23)
15. Ի՞նչ մխիթարութիւն կրնանք 40–րդ սաղմոսէն քաղել, որ կրնայ մեզի օգնել որ ինկած մարմինի անկատարութեան եւ այս իրերու դրութեան աղէտներուն հետ գլուխ ելլենք։ (Սաղմ. 40։1, 2, 5, 12)