Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
June
«Չե՞ս համաձայնիր թէ վերջերս պատահած աղէտները աչքառու դարձուցին ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս յօդուածը նկատի կ’առնէ Քաթրինա ծովամրրիկէն կարգ մը վերապրողներու փորձառութիւնը, եւ կը խօսի ազդարարութեան մը մասին, որուն բոլորս ալ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք»։ Էջ 14–ի վրայ սկսող յօդուածը ցոյց տուր։
ԴԻՏԱՐԱՆ Յուլիս 1
«Կը խորհի՞ս թէ կարելի է երջանիկ ըլլալ, հակառակ մեր դիմագրաւած խնդիրներուն։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ առաջնորդութեան աղբիւր մը, որ կրնայ մեզի օգնել կեանքի մարտահրաւէրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Ան նաեւ նկատի կ’առնէ իսկական յոյսին կազդուրիչ զօրութիւնը»։ Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։
July
«Ներկայիս, հետզհետէ աւելի ամուսնութիւններ ճնշումի կ’ենթարկուին։ Կը խորհի՞ս թէ ամոլները պիտի օգտուին՝ այս ներշնչեալ խրատը կիրարկելով։ [Կարդա՛ Եփեսացիս 4։32–ը, ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Զարթի՛ր–ի այս թիւը նկատի կ’առնէ Աստուածաշունչի գործնական սկզբունքները, որոնք կրնան մեզի օգնել երջանիկ ամուսնութիւն մը հիմնելու»։