Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները բերանացի նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Օգոստոս 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 3 Յուլիսէն մինչեւ 28 Օգոստոս 2006 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Աչքի հաղորդակցութիւնը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի աւելի լաւ ուսուցիչներ ըլլալու։ (Մատթ. 19։25, 26. Գործք 14։8, 9) [կօ էջ 124 պարբ. 3–էջ 125 պարբ. 3]
2. Բնական ըլլալը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ի՞նչ բաներ կրնան մեզի օգնել որ բնականութեամբ վարուինք դաշտի ծառայութեան ընթացքին։ [կօ էջ 128 պարբ. 1-5, շրջանակ]
3. Ինչո՞ւ անձնական մաքրութեամբ հետաքրքրուած պէտք է ըլլանք։ [կօ էջ 131 պարբ. 1-3]
4. ‘Համեստութիւնն ու ողջամտութիւնը’ ի՞նչպէս մեր հագուելակերպին ու յարդարանքին պէտք է ազդեն։ (Ա. Տիմ. 2։9, ՆԱ) [կօ էջ 131 պարբ. 4–էջ 132 պարբ. 1]
5. Աստուածաշունչի ո՞ր սկզբունքները պէտք է կիրարկենք, վստահ ըլլալու համար թէ մեր արտաքին երեւոյթը աշխարհի հանդէպ սէր չ’արտացոլացներ։ [կօ էջ 133 պարբ. 2-3]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ընթերցանութեան մեծագոյն օգուտը ի՞նչ է։ [կօ էջ 21 պարբ. 3]
7. Ի՞նչ բան կ’որոշէ անհատին իմաստուն կամ անմիտ ըլլալը։ (Առ. 14։2) [w04 11/15 էջ 26 պարբ. 5]
8. Ինչո՞ւ «իմաստուններուն համար գիտութիւնը դիւրին է»։ (Առ. 14։6) [w04 11/15 էջ 28 պարբ. 4-5]
9. Ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ է։ [կօ էջ 27 պարբ. 3]
10. Եհովայի ստեղծագործութիւններուն վրայ խոկալը ի՞նչպէս պէտք է ազդէ մեզի։ [w04 11/15 էջ 8 պարբ. 4]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Վաղեմի ժամանակներուն Եհովա ի՞նչպէս «պատգամ տուաւ» եւ «աւետաբեր կիները մեծ զօրաբաժին եղան», իսկ ասիկա ներկայիս ի՞նչպէս կը կիրարկուի։ (Սաղմ. 68։11, ԱՎ)
12. Ի՞նչ բան գրեթէ պատճառ պիտի ըլլար որ Ասափ շիտակը ընելէ դադրէր, իսկ իր մտածումը ի՞նչպէս սրբագրուեցաւ։ (Սաղմ. 73։2, 3, 17)
13. Իսրայելացիներուն հայթայթուած մանանան ինչո՞ւ կոչուեցաւ «երկինքի ցորենը» եւ «հզօրներուն հացը»։ (Սաղմ. 78։24, 25, ԱՎ)
14. «Բարձրելոյն ծածկոց»ը ի՞նչ է, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր տակ ‘բնակիլ’։ (Սաղմ. 91։1, 2)
15. Ի՞նչ կերպով Եհովայի աչքերուն թանկարժէք է իր բարեպաշտներուն մահը։ (Սաղմ. 116։15)